Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն մասնակցեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ, տնտեսութեան նախարար Ռաուլ Նաամէ, զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ եւ Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Միջազգային դրամատան շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարճայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամատան հետ առկայ միացեալ ծրագիրները:
Վարչապետ Տիապ նախագահեց նաեւ այլ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ելեւմտական իրադարձութիւնները:
Նիստին ներկայ գտնուեցան Զէյնա Աքր, կենսոլորտի նախարար Տըմիանոս Քաթթար, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, ինչպէս նաեւ ելեւմտական եւ օրինական հարցերու խորհրդատուներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ այն քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրուին` հետապնդելու համար այն լումայափոխները, որոնք օտար դրամանիշը լիբանանեան դրամանիշի համապատասխան ճշդուած սակով կը մերժեն գնել եւ ծախել: