Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. Ֆրենժիէ Հանդիպումներ Ունեցաւ Լաւրովի Եւ Պոկտանովի Հետ

Մարտ 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:

Ֆրենժիէի ընկերակցեցաւ անոր զաւակը` երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ, ինչպէս նաեւ Մարատա հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Ռոնի Արայժի եւ Մարատա հոսանքի արտաքին հարցերով խորհրդատու Անթուան Մերհեպ:

Ֆրենժիէ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Լաւրովի կողմէ:

Ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակն ու արձանագրուած իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Լաւրով ներկայացուց Ռուսիոյ տեսակէտը եւ քննարկեց Ֆրենժիէի կեցուածքները:

Անոնք հաստատեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:

Նշենք, որ Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միխայէլ Պոկտանովի հետ, որուն հետ քննարկեց միջինարեւելեան իրադարձութիւններն ու զարգացումները:

Հանդիպումին մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լաւրով Ֆրենժիէի հետ քննարկած է Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի զարգացումները` ընդգծելով լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լաւրով կարեւոր նկատած է, որ Լիբանան իր հարցերը քննարկէ ըստ սահմանադրութեան եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան` արգիլելու համար ներքին լիբանանեան հարցերուն կատարուած օտար միջամտութիւնները:

Հաղորդագրութեան մէջ գրուած էր նաեւ, որ Ֆրենժիէ Պոկտանովի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով Լիբանանի մէջ կայունութիւնը պահպանելու իմաստով ի գործ դրուած ջանքերը:

 

Նախորդը

Շահէ Եպս. Փանոսեանը Կաթողիկոսական Փոխանորդ` Լիբանանի Հայոց Թեմին

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Միջազգային Դրամատան Հետ Քննարկեց Միացեալ Ծրագիրներ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?