Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արքայական Առեւանգում

Մարտ 13, 2020
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր արքայական գերդաստանները միշտ ներքին տարակարծութիւններ կամ անհամաձայնութիւններ ունեցած են, որոնք նոյնիսկ վերածուած են բռնարարքներու: Նորօրեայ իշխաններէն եւ իշխանուհիներէն ոմանք կը փորձեն դուրս գալ այդ կեանքէն, մթնոլորտէն: Փրկութի՞ւն է: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթին կայքը այս բնաբանով վերջերս հրապարակած է հետաքրքրական յօդուած մը:

Ն.

Ի՞նչ Պատահած Է
Շէյխ Մոհամետի Դուստրերուն
2000 թուականէն Շամսա չի տեսնուիր հանրութեան մէջ, մինչ Լաթիֆային ընկերը դատարանին ըսաւ, որ ան զբօսանաւով փորձած է փախչիլ Տուպայէն

Կ՛ըսուի, որ իշխանուհին փախած է Տուպայէն, երբ գիտցած է, թէ ի՛նչ պատահած է իր աղջկան` Լաթիֆային:

Երկու տասնամեակ առաջ 19-ամեայ իշխանուհի Շամսա առեւանգուեցաւ Քեմպրիճի փողոցի մը մէջ:

Իշխանուհին երկու ընկերուհիներու հետ սրճարան մը գացած էր: Ան կը պատմէ, որ երեկոյեան իր մօտ կանգ առած է ինքնաշարժ մը, որուն մէջ գտնուող շէյխ Մոհամետի անձնակազմէն չորս զինեալներ հրահանգած են իրեն ինքնաշարժ մտնել: Ապա զինք տարած են տուն մը, ուրկէ յաջորդ օրը անձնական օդանաւով` դէպի Տուպայ:

Այս միջադէպերը 2000 թուականին հրահրեցին ոստիկանական հետաքննութիւն, դիւանագիտական միջամտութեան ամբաստանութիւններ եւ հարցումներ` Բրիտանիոյ ամէնէն իւրայատուկ արքայական այցելուներէն մէկուն վարուելակերպին մասին:

Նախորդ ամիսը Շամսա փախած էր Լոնկքրոսի տունէն, ուր հայրը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ նախագահ, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ Մաքտում ընտանիքը բնակեցուցած էր ամառնային արձակուրդի համար: Շամսայի մայրը` Հուրիա Ահմետ Լամարա, ալճերիացի է:

Տան բաց դարպասէն դուրս սպրդելով` Շամսա հասաւ հարաւային Լոնտոնի մէջ պանդոկ մը: Ան տեսնուեցաւ ներգաղթի հարցերով փաստաբանի մը հետ` Բրիտանիա մնալու մասին խորհուրդ ստանալու համար:

Շամսա ապա ուղղուեցաւ Քեմպրիճ, ուր առեւանգուեցաւ: Տուպայի արգելարանէն իր փաստաբանին ղրկած գաղտնի ե-նամակին մէջ իշխանուհին  կը գրէ.«Ես ձերբակալուեցայ հօրս կողմէ, ան յաջողեցաւ իմ հետքս գտնել մէկու մը միջոցով, որուն հետ ես կապի մէջ էի»:

«Ես բռնուեցայ 19 օգոստոսին, Քեմպրիճի մէջ: Հայրս չորս արաբներ ղրկած էր զիս առեւանգելու համար: Անոնք զէնքեր կը կրէին եւ կը սպառնային ինծի: Անոնք ինքնաշարժով զիս տարին հօրս Նիւմարքեթի տունը, սրսկումով եւ դեղահատերով զիս թմրեցուցին, եւ յաջորդ առաւօտեան իսկ ուղղաթիռ մը զիս փոխադրեց օդակայան, ուրկէ սեփական օդանաւով մը վերադարձանք Տուպայ: Մինչեւ այսօր ես արգելափակուած եմ»:

Շամսա կ՛աւելցնէ. «Ես ոչ ոք տեսած եմ, նոյնիսկ մարդը, որ դուք հայրս կ՛անուանէք: Ես ձեզի ըսի, որ այսպէս պիտի պատահի…Ես գիտեմ այս մարդիկը, անոնք ամբողջ դրամը ունին, անոնք ամբողջ ուժը ունին, անոնք կը կարծեն, թէ որեւէ բան կրնան ընել: Դուք ըսիք, որ եթէ ան առեւանգէ զիս, դուք կրնաք կապուիլ Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւն եւ զանոնք մասնակից դարձնել: Այժմ ես ոչ միայն ձեզմէ կը խնդրեմ այս հարցը անմիջապէս հաղորդել, այլեւ կը խնդրեմ, որ օգնէք ինծի եւ իշխանութիւնները մասնակից դարձնէք (ամէն ոք մասնակից դարձուցէք)»:

Ընտանեկան դատական ատեանը ըսաւ, որ ոստիկանութիւնը տեղեակ եղած է անոր առեւանգումէն` նոյն ամսուան ընթացքին:

Ոստիկանութեան տուեալներէն կը բացայայտուի, որ հետաքննող պաշտօնատարը` Տէյվիտ Պեք, «հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը խօսած է անհատի մը հետ, որ ըսած է, թէ ինք Շամսան է եւ մարդ մը զինք տարած է Քեմպրիճ, պանդոկի մը սենեակը: Երբ ինք գինով եղած է, մարդը ինքնաշարժով զինք տարած է քաղաքէն դուրս անմարդաբնակ վայր մը, ուր վարորդը դուրս եկած է ինքնաշարժէն, եւ չորս զինեալներ մտած են: Զինք տարած են Նիւմարքեթ եւ ապա ուղղաթիռով օդակայան, ուրկէ անձնական ճեթով մը` Տուպայ:

Շամսա տուած է երեք անձերու անուններ, որոնց ինքնութիւնները աւելի ուշ հաստատուած են Մոհամետ Շայպանիի կողմէ, որ ներկայիս Տուպայի մէջ կառավարիչին ատեանին ընդհանուր տնօրէնն է:

Ոստիկանութիւնը հաստատած է, որ Շամսայի անուանած առաջին անձը 2000 թուականի օգոստոսին Շամսայի նշած թիւով սենեակը ապահոված է պանդոկին մէջ:

Շամսայի առեւանգման եւ բռնի Տուպայ վերադարձի մասին լուրերը բացայայտուած էին դեկտեմբեր 2001-ին: Այդ հանգրուանին շէյխը մերժած էր մեկնաբանել պնդումները:

Անցեալ տարի, դատարանին յղուած վկայի հաղորդագրութեամբ մը շէյխը ըսաւ, որ Շամսա պարզապէս երեխայ է եւ խոցելի, եւ ինք «շատ գոհ մնացած եւ հանգստացած է», երբ իր կորսուած աղջիկը գտնուած է:

Շամսա հանրութեան մէջ չէ տեսնուած իր առեւանգումէն ի վեր:

Մինչ Շամսայի անհետացումը շուտով մոռցուեցաւ, անոր քրոջ` Լաթիֆա իշխանուհիին առեւանգումը, մարտ 2018-ին, շատ աւելի դժուար էր շէյխին համար հերքելը:

Լաթիֆայի կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը եւ յատկապէս ընկերոջ մը կողմէ տրուած խիզախ վկայութիւնը հիմք տուին փախուստի փորձ կատարելու պատճառաբանութեան, նոյնպէս` ենթադրաբար լիրբ եւ բռնի ձեւը, որով իշխանուհին կը վերադարձուէր Տուպայ` անոր հօր  համար գործող սպաներու միջոցով, ըստ հօրը, աղջկան  իսկ բարեկեցութեան համար:

Լաթիֆա իշխանուհին (ձախին) եւ իր ընկերուհին` Թինա

Տեսանիւթը, որ Լաթիֆան ընկերներէն խնդրած էր  հրապարակել այն պարագային, երբ իրեն բան մը պատահէր, կը նկարագրէ իր հայրը որպէս մէկը` որ «Կը սպաննէ մարդիկ, որպէսզի պաշտպանէ իր հեղինակութիւնը… Ան հոգ կը տանի  միայն իր եւ իր ես-ին: Այսպիսով, այս տեսանիւթը կրնար փրկել իմ կեանքս: Եւ եթէ դիտէք այս տեսանիւթը, այնքան ալ լաւ բան մը չէ: Ես կա՛մ մեռած եմ, կա՛մ կը գտնուիմ շա՜տ շա՛տ վատ վիճակի մը մէջ»:

Տեսանիւթը, պատմեց, որ 2002 թուականին, իր քրոջ անհետացումէն միայն երկու տարի ետք, Լաթիֆա նոյնպէս որոշած էր փախչիլ, բայց զայն վերադարձուցին Օմանի հետ սահման, եւ բանտարկուեցաւ երեք տարի չորս ամիս:

«Ատիկա մնայուն խոշտանգում էր, անընդհատ խոշտանգում, նոյնիսկ երբ անոնք ֆիզիքապէս չէին ծեծեր զիս, անոնք կը տանջէին զիս», կ՛ըսէ Լաթիֆա:

«Անոնք ձայներ կը հանէին, որպէսզի զիս յոգնատանջ ընեն: Կէս գիշերին անոնք կու գային, զիս դուրս կը  հանէին մահճակալէն եւ կը ծեծէին զիս…»:

Լաթիֆայի ընկերուհին` Թինա Ժոհիայնէն, որ բանաւոր եւ գրաւոր ապացոյցներ տուաւ  ընտանեկան դատարանին, կը գտնուէր այն նաւուն վրայ, որուն միջոցով իշխանուհին փորձած էր փախչիլ: Դատարանի վճիռը կը մանրամասնէ, թէ Թինա, որ 2010 թուականին առաջին անգամ հանդիպած է Լաթիֆային, ըսած է, որ երբ իրենք աւելի մտերմացած են, իշխանուհին իրեն  վստահելով` յայտնած է Շամսայի մասին եւ 2002-ին Տուպայէն փախչելու իր անձնական  փորձին մասին:

Ըստ Թինայի, ինք համաձայնած է  օգնել իր ընկերուհիին փախուստի նոր ծրագիրին, որուն սկզբնական գաղափարը Տուպայի ափերէն  ջուրին տակէն լողալով նաւակի մը հասնիլն էր: Վերջաւորութեան նկատի առնուած հեռաւորութիւնները չափազանց մեծ էին, եւ իրականացաւ այլընտրանքային ծրագիր մը` ներառելով Մասքաթէն (Օման) զբօսանաւ հասնիլ թեթեւ տինկիով մը (հնդկական նաւակ):

24 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, անոնք հասան զբօսանաւ` «Նոստրոմօ»: Յաջորդ ութ օրուան ընթացքին նաւարկեցին դէպի հարաւ` Արաբական ծովու միջազգային ջուրերուն մէջ: Այս ժամանակամիջոցին Լաթիֆան եւ անձնակազմի այլ անդամ մը կը հաղորդակցէին զանազան  անհատներու հետ: Ասիկա կարելիութիւն ընձեռեց Տուպայի իշխանութիւններուն` զիրենք գտնելու: Շուրջ վեց օր ետք անոնք նշմարեցին, որ նաւ մը կը հետեւի իրենց, եւ Հնդկաստանէն հսկող օդանաւ մը կը շրջագայի իրենց զբօսանաւուն վերեւ:

Թինա ըսաւ, որ «Նոստրոմօ» զբօսանաւը Հնդկաստանի Կոա քաղաքէն շուրջ 30 մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, երբ անոր կ՛ընկերանային հնդկական յատուկ ջոկատները` օգտագործելով ծուխի նռնակներ կամ կազ եւ հրազէն: Թինա աւելցուց, որ ինք շատ վախցած էր, երբ ձեռքերը կապած` զինք  քաշքշած էին տախտակամածին վրայ, ուր տեսած էր Լաթիֆան` ինկած եւ ձեռքերը նոյնպէս կապուած:

Հնդիկ ոստիկանները քանի մը անգամ պոռալով հարցուցած են. «Ո՞վ է Լաթիֆան»: Ապա նաւ բերած են արաբ մը,  որ ճանչցած է իշխանուհին: Մինչ Թինա յուսահատ կը պոռար.« Լաթիֆա ապաստան ստանալու իրաւունք ունի» :

Թինա, որ այդ օրէն չէր տեսած Լաթիֆան, ոչ ալ անկէ լուր մը առած էր, կը պնդէ, որ երբ   իշխանուհին քաշքշելով կը տանէին, ան կը պոռար.« Դուք չէք կրնար զիս ողջ վերադարձնել: Զիս մի՛ վերադարձնէք: Սպաննեցէ՛ք զիս հոս: Զիս մի՛ վերադարձնէք»:

Թինա ըսաւ, որ զինք եւ անձնակազմի միւս անդամները Տուպայ վերադարձուցած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բանակի անդամները, որոնք զբօսանաւուն վրայ փոխարինած են հնդիկ զինուորները: Թինան կ՛ամբաստանէին շէյխէն գումար շորթելու դաւադրութեան համար, բայց, ի վերջոյ, զինք ազատ արձակած են այն պայմանով, որ ան պիտի չխօսի այս պատմութեան մասին եւ պիտի չփորձէ կապուիլ Լաթիֆային հետ:

Շ. Մոհամետ եւ իր վեցերորդ կինը` իշխանուհի Հայա, 2013-ին:

Իշխանուհի Հայան` շէյխին վեցերորդ եւ ամէնէն երիտասարդ կինը, որուն մասին յայտնած են, որ անցեալ տարի փախած է Տուպայէն, ըսաւ, որ ինք սկիզբը կը հաւատար Լաթիֆայի մասին իր ամուսինին պատմածներուն, թէ իշխանուհին  անհաւասարակշիռ է, եւ թէ ասիկա  ուրիշներու  կողմէ փորձ մըն էր իրմէ դրամ շորթելու: Բայց աւելի ու աւելի մտահոգուեցաւ, երբ միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւններ կարդաց:

Նկարագրելով այցելութիւնը` տեսնելու Լաթիֆան 6 դեկտեմբեր 2018-ին, Հայա դատարանին ըսաւ. «Ան բացաւ դուռը, նայեցաւ, ինծի փաթթուեցաւ եւ սկսաւ լալ: Ան երկար ժամանակ լացաւ: Ան  խոցելի տեսք ունէր: Գունատ էր»:

Հայա իշխանուհին փետրուարին կը ժամանէ բրիտանական դատարան

Լաթիֆա հանրութեան մէջ տեսնուած էր 2018 թուականի դեկտեմբերին, մարդկային իրաւունքներու ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի նախկին փոխնախագահ Մարի Ռոպինսընի հետ Տուպայի մէջ հանդիպման ատեն, որ  կազմակերպած էր Հայան:

Բայց երբ անոր մտահոգութիւնները աւելցան, Հայան կ՛ըսէ, որ շէյխը  իրեն յայտնած է, որ  դադրեցնէ իրեն չխառնուող իրադարձութիւններուն միջամտութիւնները:

Թէեւ նախապէս հաղորդուած էին Շամսայի եւ Լաթիֆայի առեւանգումները, սակայն ատոնք միշտ ալ կը հերքուէին շէյխին կողմէ: Բրիտանիոյ  ընտանեկան դատարանի նախագահին` սըր Էնտրիւ Մաքֆարլէյնի վճիռը երբ հրապարակուեցաւ, առաջին անգամ անոնց մասին լսուեցաւ, եւ հաստատուեցան  առեւանգումներու մասին հաղորդումները:

Մաքֆարլէյն եզրակացուց. «Այն նկարագրութիւնը, թէ ինչ վերաբերմունքի ենթարկուած է Լաթիֆա հնդկական անվտանգութեան ծառայութիւններու կողմէ, նոյնպէս արաբ մարդ մը զինք յայտնաբերելէն ետք, ոչ մէկ ձեւով կը հաստատէ, որ ասիկա փրկութիւն էր, այլ ոչ թէ` առեւանգում: Լաթիֆային վերջին խօսքերը, որոնք  Թինա ըսած է, մեծ բան կ՛ըսեն: Իշխանուհին կը խնդրէր, որ զինուորները սպաննեն զինք, այլ ոչ թէ Տուպայ վերադարձնեն իր ընտանիքը դիմակայելու: Այս հարցերը ի մի բերելով` ես կ՛եզրակացնեմ, որ Տուպայը լքելու մասին Լաթիֆայի ներկայացուցած  դրդապատճառները ճշմարիտ են: Ան շատ յուսահատ էր եւ բուռն կերպով ընտանիքը լքել կ՛ուզէր, որուն համար պատրաստ էր վտանգի դիմելու»:

Դատաւորը աւելցուց, որ ինք հիմքեր չունի կասկածելու իշխանուհիին` 2002 թուականի փախուստի փորձին եւ ատոր յաջորդած բանտարկութեան մասին Լաթիֆայի պնդումներուն, ըստ որոնց, զինք առանձին արգելափակած էին եւ միշտ կը ծեծէին: Սըր Մաքֆարլէյն ըսաւ.«Ես վստահ եմ, որ կ՛ապաւինիմ այն բոլորին, որոնք ըսած է Լաթիֆան տեսանիւթին մէջ եւ այլուր` ե՛ւ սահմանէն փախչելու իր փորձին ե՛ւ իր  հետագայ կալանքի մասին »:

Կ՛ըսեն, որ Հայա որոշած է փախչիլ Տուպայէն` Լաթիֆայի պատահածին մանրամասն տեղեկութիւնները գիտնալէ ետք:

45-ամեայ Հայա իշխանուհին դուստրն է Յորդանանի հանգուցեալ թագաւոր Հիւսէյնին եւ ներկայիս Ապտալլա Բ. թագաւորի խորթ քոյրը: Հայա շէյխ Մոհամետին հետ ամուսնացած է 2004 թուականին, եւ զոյգը երկու երեխայ ունի:

Հայա եւ շէյխը կատարեալ զոյգ մը կը նկատուէին:   Սակայն դատավարութիւնը ընտանիքի ներքին բեկումներուն վրայ գտնուող կափարիչը բացաւ:

Անցեալ գարնան իշխանուհին հաղորդած էր, որ նախ Տուպայէն  ճամբորդած է Գերմանիա եւ ենթադրաբար հոն ապաստան խնդրած է: Յուլիսին բացայայտուեցաւ, որ ընտանեկան դատարաններուն մէջ սկսած է իրաւական պայքար` երկու երեխաներու խնամատարութեան համար:

Այդ վէճը լարուեցաւ եւ սուր բնոյթ ստացաւ շարք մը լսումներու ատեն, Անգլիոյ եւ Կալեսի գերագոյն ատեանի ընտանեկան բաժանմունքի նախագահ սըր Էնտրիւ Մաքֆարլէյնի ներկայութեան:

Վկայութիւններ տուողներու շարքին էին Տ. Պեքը, որ նախապէս Քեմպրիճշայրի ոստիկան էր, որ ղեկավարած էր 2000 թուականին Շամսա իշխանուհիին Բրիտանիոյ մէջ անհետացման հետաքննութիւնը, եւ` Թինան, որ  օգնած էր Լաթիֆայի փախչիլ Տուպայէն 2018 թուականին:

Դատավարութիւններու մեծ մասը դռնփակ էր, բայց լրատուամիջոցները, որոնց կ՛արտօնուէր մասնակցիլ ընտանեկան դատական լսումներուն, ներկայ էին ապացոյցներու ներկայացման մեծ մասին եւ, ի վերջոյ, թոյլ տրուեցաւ հրապարակել ատոնք` շէյխի կողմէ ճնշումի անյաջող փորձերէն ետք:

Շէյխը հերքած է իր դէմ բոլոր մեղադրանքները: Լրատուամիջոցներուն տրուած յայտարարութեան մէջ ան ըսած է. «Այս դէպքը կը վերաբերի մեր երեխաներուն անձնական գործերուն: Դիմումը կատարուած է երեխաներու լաւագոյն շահերն ու բարեկեցութիւնը պաշտպանելու համար: Արդիւնքը չի պաշտպաներ իմ երեխաներս լրատուամիջոցներու  ուշադրութենէն, այնպէս, ինչպէս պաշտպանուած են Բրիտանիոյ ընտանեկան հոլովոյթներու մէջ միւս երեխաները:

«Որպէս կառավարութեան ղեկավար` ես չկրցայ մասնակցիլ դատարանի փաստահաւաք հոլովոյթին, ասիկա յանգեցուցած է «փաստահաւաք» դատական վճիռի հրապարակման, որ  անխուսափելիօրէն միակողմանի կը ներկայացնէ դէպքը: Ես կը խնդրեմ, որ լրատուամիջոցները յարգեն Բրիտանիոյ մէջ մեր երեխաներուն անձնական կեանքը եւ միջամուխ չըլլան ատոր»:

 

Նախորդը

Ընկերական Մտորումներ. ՏԵՍԱԿԸ

Յաջորդը

Մօտ Մէկուկէս Հազար Ազրպէյճանցիներ Սիրիայում Եւ Իրաքում Պատերազմել Էին Ահաբեկիչների Կողմից

RelatedPosts

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Օգոստոս 15, 2025
Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին
Մշակութային եւ Այլազան

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Օգոստոս 8, 2025
Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ
Մշակութային եւ Այլազան

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Օգոստոս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?