Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ յայտնեց, որ ինք զարմացած է, երբ իմացած է, թէ Թուրքիա-Իրաք սահմանին վրայ 50 լիբանանցի վարորդներ 20 օրէ ի վեր արգելափակուած են:
Հըթթի խոստացաւ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը առնել եւ բոլոր միջոցներուն դիմել` զանոնք տուն դարձնելու նպատակով:
Հըթթի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ լիբանանցի վարորդները Իրաքի կամ Թուրքիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան հետ կապ չեն պահած, որպէսզի նուազագոյնը տեղեկանային այդ մասին:
«Եթէ լիբանանցի մը Չինաստանէն կապուի մեզի եւ խնդրէ, որ զայն Լիբանան վերադարձնենք, մենք անմիջապէս կը կատարենք այդ խնդրանքը: Հետեւաբար անոնք պէտք չէր 20 օր սպասէին, այլ անմիջապէս կապուէին», յայտնեց ան:



