Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապհաթ Նուսրան Կը Խախտէ Իտլիպի Մէջ Հաստատուած Զինադադարը

Մարտ 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան. «Թուրքիան Կը Պահէ Իտլիպի Մէջ «Գարնան Վահան»
Գործողութեան Շրջանը Իր Սեփական Ձեւով Մաքրագործելու Իրաւունքը,
Եթէ Իրեն Տրամադրուած Խոստումները Չյարգուին»

Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական շարժումը ռումբեր արձակեց Հալէպի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջանի Շէյխ Աքիլ եւ Հալէպի արեւմտեան գիւղական շրջանի Ժամհիաթ Ամին շրջանի ճակատներուն վրայ գտնուող սուրիական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Մէկ օր առաջ Սուրիոյ մէջ Ռուսական հաշտութեան կեդրոնը Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ զինադադարի վեց խախտումներ նշմարած էր:

Մինչ այդ, սուրիական իշխանութիւնները քաղաքայիններու եւ առեւտրական կարաւաններու առջեւ բացին Հալէպ-Դամասկոս մայրուղին, որ վերջին ճակատումներուն պատճառով շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր փակուած էր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ իր երկրին գոյացուցած համաձայնութեան հիմամբ, «Թուրքիան կը պահէ Իտլիպի մէջ «Գարնան վահան» գործողութեան շրջանը  իր սեփական ձեւով մաքրագործելու իրաւունքը, եթէ իրեն տրամադրուած խոստումները չյարգուին»:

«Սուրիական վարչակարգին իր բոլոր ուժերը դէպի Իտլիպ ուղղելը, երբ իր հողերուն մէկ երրորդը բռնագրաւուած է ահաբեկչական ՔԱԿ խմբաւորման կողմէ, այլ նպատակներ ցոյց կու տայ», ըսաւ ան:

«Որեւէ լուծում, որ Իտլիպի բնակիչներուն կեանքերը կ՛երաշխաւորէ եւ Թուրքիոյ սահմանները անվտանգ կը դարձնէ, Անգարայի համար ընդունելի կը նկատուի», յայտնեց Էրտողան` շեշտելով, որ Թուրքիան բնաւ մտադիր չէ սուրիական հողեր գրաւելու կամ կցելու:

«Վերջին շրջանին Իտլիպի մէջ 59 թուրք զինուորներ նահատակուեցան, եւ ատոր պատասխանելով վարչակարգէն 3400 անդամներ վնասազերծեցինք», յայտնեց Էրտողան:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթ օր յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ «Էմ4» ճամբուն վրայ «անվտանգ անցք»-ի կանոններու հաստատման շուրջ աշխատանքը սկսած է` աւելցնելով, որ այդ ճամբուն վրայ մարտի կիսուն ռուս-թրքական միացեալ հսկողութիւն պիտի սկսի կատարուիլ:

Ան նշեց, որ ռուսական զինուորական պատուիրակութիւն մը այս շաբաթ Անգարա պիտի այցելէ:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ Իտլիպի շուրջ գոյացած համաձայնութեան, Աքար ըսաւ. «Նախագահ Էրտողանի ղեկավարութեամբ դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ մը առինք Իտլիպի մէջ քաղաքական լուծման ուղղութեամբ»:

Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի խախտումներ չեն արձանագրուիր, սակայն աւելցուց. «Անգարան առանց տատամսելու պիտի հակադարձէ որեւէ յարձակումի, որ թիրախ կը դարձնէ Իտլիպի մէջ հսկողութեան կէտերը կամ թուրք զինուորները»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր սուրիացի պաշտօնակից Պաշշար Ասատին ներկայացուց Թուրքիա-Ռուսիա վեհաժողովի ընթացքին գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ այդ համաձայնութիւնները Իտլիպի մէջ կայունութիւն պիտի հաստատեն:

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխաններ Էնկին Ալթայ եւ Էօնալ Չեւիքէօզ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը պատասխանատու նկատեցին Սոչիի համաձայնութիւնը չյարգելուն պատճառով Իտլիպի մէջ ստեղծուած կացութեան համար:

Թուրքիոյ խորհրդարանի երկու անդամները յայտնեցին, որ Էրտողան թրքական ուժերը ահաբեկիչներուն աջակցելու ուղարկելով պատճառ դարձաւ թուրք զինուորներու սպանութեան:

Անոնք Էրտողանը ամբաստանեցին սուրիական բանակի յառաջխաղացքին ու ահաբեկիչներուն դէմ վերջինիս տարած յաղթանակներուն ժամանակ մեծ աղմուկ բարձրացնելու, ապա Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ստեղծուած կացութեան առջեւ տեղի տալու յանցանքով:

Թուրք երկու երեսփոխանները Էրտողանին կոչ ուղղեցին տագնապին վերջնական լուծումին հասնելու նպաստելու համար ուղղակի երկխօսութիւն ունենալու Սուրիոյ հետ:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Յունաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Գաղթականներուն Առջեւ «Իր Դռները Բանալու»

Յաջորդը

Սուրիական Գիւղի Մը Բնակիչները Քարեր Նետած Են Ամերիկեան Զինուորական Շարասիւնին Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?