Համաշխարհային առումով մարդկութեան վտանգ սպառնացող «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ջանքերը կը շարունակուին Լիբանանի մէջ:
Հակառակ այս ճիգերուն, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կը շարունակէ բարձրանալ, իսկ կեանքը կը մնայ սառած` յատկապէս կրթական մարզի պարագային:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան շաբաթավերջին շեշտեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ կառավարական հիւանդանոցներու ներկայացուցիչներուն եւ տարրալուծարաններու պատասխանատուներուն հետ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպումներուն լոյսին տակ քննարկուած են «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպող միջոցառումներ` կարելի եղածին չափ նուազեցնելու համար այդ ժահրին տարածումը:
Հասան հաստատեց, որ մասնագէտներու պատուիրակութիւն մը այցելութիւններ պիտի կատարէ համալսարաններուն կից գործող հիւանդանոցներ եւ պիտի սերտէ «Քորոնա» ժահրով վարակուած կասկածելի պարագաները տարրալուծարանային քննութեան ենթարկելու կարելիութիւնը:
Հասան նշեց, որ այս կարելիութիւններուն դիմած են, որպէսզի կարելի ըլլայ այլընտրանք ունենալ` Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ պարագաներուն բազմանալուն պարագային:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 32-ի: Անոնցմէ 29-ն կը գտնուին առողջական կայուն վիճակի մէջ, իսկ 3-ը անկայուն:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 100 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու: Անոնցմէ 19-ը կարիքը ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը 116 պարագաներ ենթարկեց բժշկական քննութեան. անոնցմէ 112-ին պարագային քննութեան արդիւնքը «Քորոնա» ժահր ցոյց չտուաւ, իսկ 4-ին քննութեան արդիւնքը «Քորոնա» ժահր ցոյց տուաւ:
Նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուող 15 պարագաներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց բնակարանները:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ տակաւին կան 19 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու եւ անոնց արդիւնքները կը փաստեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:
Նշենք, որ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր յայտնեց, որ հետեւելով վարչապետ Հասսան Տիապի ցուցմունքներուն, իրենք ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը գործեն` պայքարելու համար աղէտներու դէմ: Ան աւելցուց, որ այս պարագային Լիբանանին սպառնացող աղէտը առողջապահական է` շեշտելով, որ գերագոյն խորհուրդը իր մարդուժն ու ամբողջ կարողականութիւնը զետեղած է կառավարութեան տրամադրութեան տակ` պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ:
Ան նշեց, որ իրենք բացած են Եգիպտական բժշկական կեդրոնը եւ զայն տրամադրած «Քորոնա» ժահրով վարակուածները ընդունելու` ընդգծելով, որ այդ կեդրոնը 800 պարագաներ կրնայ ընդունիլ:


