Թունուզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մօտ անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուց ապահովական կառոյցի անդամներ, որոնք հսկողութիւն կը կատարէին:
Ապահովական մարմինի 4 անդամներ եւ քաղաքացի մը վիրաւորուեցան: Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ մայրաքաղաք Թունուզի մէջ անձնասպանական գործողութեան մը պատճառով 2 ահաբեկիչներ սպաննուած են, ապահովական կառոյցի 5 անդամներ եւ քաղաքային մը վիրաւորուած են:
Թունուզեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մոթորսիքլեթի վրայ անձ մը ականուած գօտիով ինքզինք պայթեցուցած է դեսպանատան զուգահեռ ճամբուն վրայ` թիրախ դարձնելով ապահովական մարմիններու հսկողութիւն կատարող անդամներ:
Թունուզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր դիմատետրեան էջին վրայ կոչ ուղղեց պայթումի վայրէն հեռանալու` նշելով, որ ապահովական մարմինները աշխատանք կը տանին դէպքի վայրին մէջ: