Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբին Զօրակցութիւնը Ապահոված Թեկնածուները Յատկանշական Յաղթանակներ Կերտեցին

March 7, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, թէ երեքշաբթի, 3 մարտին, Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը ապահոված դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններուն թեկնածուներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յաղթանակներ արձանագրեց կամ ստացաւ յաջորդ փուլին մասնակցելու իրաւունք:

Սեպտեմբեր 2019-էն ի վեր, Հայ դատի «Հայ Վոթց» (www.hyevotes.org) նախաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղաւ մեծաթիւ նոր քուէարկողներ արձանագրել եւ օժանդակել ամերիկահայ քուէարկողներու: Ընտրապայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն վերջին փուլը:

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ընտրութիւններուն` մեր համայնքին մեծաթիւ մասնակցութեան ապահովման, որպէսզի կարելի ըլլայ համայնքին ձայնը աւելի ազդու կերպով լսելի դարձնել պետական մարմիններուն մօտ: Կը շնորհաւորենք յաղթանակ արձանագրած թեկնածուները, որոնց հետ մեր յարաբերութիւններուն սերտացումով յառաջ պիտի տանինք հայութեան շահերը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

Զօրակցութիւնները հիմնուած էին թեկնածուներուն կողմէ ցարդ տարուած հայանպաստ ջանքերուն եւ հայութեան համար առաջնահերթ նկատուող հարցերուն վերաբերեալ անոնց կեցուածքներուն ու խոստումներուն հիման վրայ:

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մամլոյ Բանբերը Կը Դադրի Իր Աշխատանքէն

Յաջորդը

Թշնամիին Հետախուզական – Ներթափանցման Փորձը Կասեցուած Է

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.