Անցնող շաբաթը Հալէպին համար անկիւնադարձային իրագործումներու շաբաթ մըն էր:
Սուրիական բանակի հրամանատարութեան Հալէպի ամբողջական ազատագրումը յայտարարելէն ետք ընթացք առին Հալէպ-Դամասկոս միջազգային ճամբուն վերականգնումի ու վերաբացման աշխատանքները:
Այս ճամբան Հալէպը կը միացնէր Սուրիոյ այլ նահանգներու եւ յարակից երկիրներու: Առեւտրական եւ ծառայողական ոլորտներուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէր Հալէպ-Դամասկոս ճամբան, որովհետեւ այդ ճամբուն բնականոն օգտագործումով կ’ապահովուէր Հալէպի առեւտրական, ծառայողական եւ սննդային ոլորտներու այլազան կարիքները:
Հալէպի ազատագրումով վերահաստատուեցաւ քաղաքին խաղաղութիւնը, որուն լոյսին տակ միայն կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել Հալէպը եւ գէթ տնտեսութեան անիւը թաւալել:
Սուրիոյ նախագահին` Հալէպի ժողովուրդին ուղղած ուղերձին մէջ յստակօրէն կ’ուրուագծուէր Հալէպը տնտեսապէս ոտքի հանելու ծրագիրը:
«Հալէպ նախքան ազատագրումն ու ազատագրումէն ետք նոյն պատկերը պիտի չունենայ», վերստին կը հաստատէր նախագահը` հաւաստիացնելով, որ պատերազմի տարիներուն ահաւոր զրկանք կրած, զոհեր ու նահատակներ տուած Հալէպի ժողովուրդին համար ազատագրումէն ետք նոր կեանք պիտի սկսի:
Նախագահին խօսքին յաջորդեց Հալէպի միջազգային օդակայանին բացումը: Չորեքշաբթի առաւօտուն օդակայանը ընդունեց Դամասկոսէն ժամանած առաջին ճամբորդատար օդանաւը: Ութ տարի փակ մնալէ ետք օդակայանը բանիլ սկսաւ:
Հալէպի օդակայանին բացումը, բնականաբար, դրական անդրադարձ պիտի ունենայ երկրի առեւտրատնտեսական եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն վրայ:
Հալէպը նախապատերազմեան շրջանին կը համարուէր Սուրիոյ տնտեսութեան մայրաքաղաքը` իր արհեստաւորներով, գործարաններով, աշխարհագրական դիրքով ու բնակչութեան գունեղ պատկերին շնորհիւ:
Օդակայանին բացումով Հալէպի ունեցած ներդրումը Սուրիոյ տնտեսութեան աստիճանաբար կրնայ վերականգնիլ, եթէ ապահովուին այդ յառաջընթացին նպաստող նախադրեալները` ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ, ենթակառոյցներու աշխուժացում, օրէնքներու հետապնդում եւ տնտեսական ծրագիրներու մշակման նպաստող միջավայրի ու պայմաններու ստեղծում:
Սուրիոյ նախագահին առաջարկով յառաջիկայ կիրակի Սուրիոյ կառավարութիւնը, իր լրիւ կազմով, հերթական իր նիստը պիտի գումարէ Հալէպի մէջ` մօտէն ծանօթանալու Հալէպի դժուարութիւններուն, զօրավիգ կանգնելու անոր տնտեսութեան ու վերականգնումին եւ բարելաւելու քաղաքի բոլոր շրջաններուն ծառայողական դաշտը:
Այսօր, ահաբեկչութեան վտանգին վերացումով ու ապահովութեան վերահաստատումով, Հալէպի ազատագրումը առանձնայատուկ իմաստ կը զգենու տնտեսական ու կենցաղային ներկայ ճգնաժամին լոյսին տակ, որ հետեւանք է արեւմտեան ու կարգ մը արաբական երկիրներու պարտադրած շրջափակման ու սահմանած անմարդկային պատիժներուն, այնպէս` ինչպէս պատերազմի գործած աւերներուն: Աւերներ, որոնք շրջեցին պետութեան առաջնահերթութիւնները` հիմնականը դարձնելով ժողովուրդին կենսական կարիքներուն ապահովումը: Պետութիւնը, սակայն, սուրիական բանակին արձանագրած յառաջխաղացքին լոյսին տակ, այսօր ձեռնարկած է երկրի վերականգնումի աշխատանքին, կը ծրագրէ թափ տալ արտադրողական եւ շինարարական ծրագիրներու իրականացման` վստահելով ժողովուրդին սեփական ուժերուն, զօրավիգ կանգնելով անոր աշխատանքին: Մարտահրաւէր մը, որ նոր ուժականութիւն կը ստանայ սուրիական յաւելեալ տարածքներու ազատագրումով եւ իր կարգին առաջնային կը դարձնէ օտար ուժերու երկրէն վանելու մարտահրաւէրը նաեւ:
«Գ.»
20 փետրուար 2020