Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Ապաստանած Սուրիացիներուն Դժուարութիւնը` Տնտեսական Անորոշութեան Մէջ

Մարտ 6, 2020
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Վերջին  քանի մը ամիսներուն Լիբանանի ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապը ծանր հարուած հասցուցած է նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիացիներուն, որոնք շփոթի մատնուած` չեն կրնար որոշել ի՞նչ ընել, ո՞ւր երթալ: Միչալ Կրանզ այցելելով անոնց` յօդուած մը գրած  է «Ժազիրա» կայքին մէջ:

Ն.

Լիբանանի մէջ սուրիացի ապաստանեալներէն շատեր կը կորսնցնեն իրենց աշխատանքները երկրին մէջ տիրող տագնապին պատճառով։

Պէյրութի մէջ աշխատող սուրիացի Մահմուտի համար Լիբանանի ելեւմտական եւ տնտեսական ծանր տագնապը կը վերյիշեցնէ իր  հայրենիքին մէջ հին մտավախութիւններն ու մտահոգութիւնները:

«Եթէ տնտեսութեան անկում, կամ այդպիսի բան մը պիտի ըլլայ, մենք լուրջ խնդիր պիտի ունենանք: Ես պատրաստ չեմ ունենալ այն բանը, որ ունէի Սուրիոյ մէջ», ըսաւ Մահմուտ, որ խնդրեց իր իսկական անունը չնշել` անվտանգութեան մտահոգութիւններու պատճառով:

Աւելի քան չորս ամիս Լիբանանի մէջ աճող անկայուն բողոքի ցոյցերը եւ աւելի քան կէս տարիէ տնտեսական վատթարացող պայմանները Լիբանան ապաստանած սուրիացիներուն  յատկապէս ծանր հարուած հասցուցին:

Լիբանանեան դրամանիշին` թղթոսկիին արժեզրկումը, շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին պակասը եւ անոր կապուած գիներու բարձրացումը լուրջ խնդիրներ են, որոնց մասին բազմաթիւ սուրիացիներ կ՛ըսեն, որ իրենց երկրին այսպիսի տագնապները հակամարտութեան վերածուեցան:

Լիբանան ապաստանած սուրիացիները, որոնք արդէն տարիներ շարունակ կ՛ապրէին ելեւմտական դժուար պայմաններու մէջ, այժմ կը տեսնեն, որ իրենց յատկացուող ՄԱԿ-ի դրամական օգնութիւնը մաշած է` սակերու բարձրացման եւ դրամատնային սահմանափակումներու պատճառով: Եղածներուն վրայ աւելցած են ապրուստի պայմաններու վատթարացումը (սաստիկ ցուրտը) եւ վախը, որ սուրիացի ապաստանեալները կրնան դիմակալել նոյն տեսակի հակամարտութիւնը, որմէ խուսափելու համար Սուրիան լքեցին:

Լիբանան ապաստանած սուրիացիներուն աւելի քան 75 առ հարիւրը կ՛ապրի աղքատութեան մակարդակէն ցած` համեմատած լիբանանցիներու 27 առ հարիւրին հետ:

Լիբանանի գաղթակայաններուն մէջ ապրող բազմաթիւ սուրիացիներ առանց աշխատանքի մնացած են շարունակուող տնտեսական տագնապին պատճառով:

ՄԱԿ-ի դրամական օգնութիւնը (որ անոնցմէ ոմանք կը ստանան) այլեւս բաւարար չէ ընտանիք պահելու` ապրուստի սղութեան եւ  շուկային մէջ լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումին պատճառով:

Եւ քանի որ (1975 թուականին նախորդած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին նման) բախումները հակակառավարական ցուցարարներու, քաղաքական կուսակցութիւններու կողմնակիցներու եւ ապահովութեան ուժերու միջեւ դեկտեմբերէն ի վեր աճած են, որոշ ապաստանեալներ սկսած են վախնալ վատագոյնէն` Լիբանանի մէջ զինեալ հակամարտութենէն, Սուրիոյ մէջ իրենց տեսածին նման:

«Մենք աւելի տուժած ենք տագնապներէն, քան լիբանանցին», ըսաւ Պեքաայի մէջ գտնուող Նաժաշի գաղթակայանին մէջ ապրող սուրիացի Ասաատ Շալհում:

Անտանելի կեանք

Ըստ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին, Լիբանանի մէջ այսօր կայ 1,5 միլիոն սուրիացի ապաստանեալ:

«Վերջին երկու տարիներուն աւելի քան 30 հազար սուրիացիներ վերադարձած են իրենց հայրենիքը», ըսաւ  ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան բանբեր Լիզա Ապու Խալետ:

Որպէս ապաստանեալ արդէն ծանր վիճակի մէջ ըլլալով` Շալհում եւ միւսները ըսին, որ կացութիւնը կը վատթարանայ Լիբանանի տնտեսական տագնապի խորացման պատճառով:

Անոնք կ՛ըսեն, որ շարք մը գործօններու միախառնութիւնը, որոնց շարքին գլխաւորը` Լիբանանի թղթոսկիին արժէքի անկումը, մէկ ամերիկեան տոլարի պաշտօնական փոխարժէքէն` 1500-էն հասած մինչեւ 2000 եւ աւելի, կեանքը դարձուցած է անտանելի:

«ՄԱԿ-էն դրամական օգնութիւն եւ աշխատանքի առիթ կար», ըսաւ Շալհում:

«Ես կ՛աշխատէի գաղթակայանին մօտ գտնուող ագարակի մը մէջ, նաեւ այլ աշխատանքներ ալ ունէի, ինչպէս` մազ կտրել, որ սորված էի Հալէպի մէջ: Այդ երկուքը միասին բաւարար էին», կ՛աւելցնէ ան:

Միայն աշխատանքի որոշ տեսակներ, ինչպիսիք են հողագործութիւնը եւ շինարարութիւնը, ըստ օրէնքի արտօնուած են սուրիացի ապաստանեալներուն համար, բայց նոյնիսկ այդ կարելիութիւնները, որոնք մատչելի էին, չորցած են, որովհետեւ գաղթակայաններուն մէջ ապրողները կը դիմակայեն ձմեռնային եղանակային ծանր պայմաններու` փոթորիկի, անձրեւի, ձիւնի եւ այլնի:

Նախապէս մեր այցելած հինգ գաղթակայաններու բնակիչներէն ոչ ոք կանոնաւոր աշխատանք ունի լիբանանեան ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապի սրումէն ետք:

Անոնց դժուարութիւնը աւելի սուր բնոյթ ստացած է, երբ  կանխիկ գումարներու առնչութեամբ լիբանանեան դրամատուները հաստատած են անպաշտօն սահմանափակումներ, որոնք փոխած են ապաստանեալներուն` ՄԱԿ-ի դրամական օգնութիւնը ստանալու ձեւը եւ չափը:

Ըստ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի բանբեր Ապու Խալետի, Լիբանանի մէջ սուրիացի ընտանիքներուն 40 առ հարիւրը ամսուան մը համար կը ստանայ 27 տոլար, 19 առ հարիւրը իւրաքանչիւր ընտանիքի համար ամսական կը ստանայ 175 տոլար:

Պաշտօնապէս արձանագրուած ապաստանեալները այդ օգնութիւնը կրնային ստանալ ամերիկեան տոլարով: Բայց ամերիկեան տոլարին վրայ դրամատնային սահմանափակումներուն պատճառով բոլոր ապաստանեալները այժմ պէտք է այդ գումարը ստանան լիբանանեան թղթոսկիի պաշտօնական փոխարժէքով, ոչ թէ` շուկայական փոխարժէքով, եւ ասիկա փաստօրէն անոնց դրամական օգնութեան արժէքը կը նուազեցնէ, որ աւելի կը բարդացնէ առօրեայ կարիքները ձեռք բերելը եւ գաղթակայանի հողին վարձքը վճարելը:

Ապու Խալետ ըսաւ, որ մինչ ապաստանեալներուն մեծամասնութիւնը տագնապէն առաջ արդէն կ՛ընտրէին իրենց օգնութիւնը լիբանանեան թղթոսկիով ստանալու տարբերակը, ելեւմտական նոր կանոնները եւ փոխարժէքի անկումը անտանելի դարձած է:

«Ամսական 27 տոլարը բաւական էր մէկ անձի համար, քիչ թէ շատ, բայց այժմ անկարելի է, որ ատիկա բաւարար ըլլայ», ըսաւ Շալհում:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գործակալութեան Լիբանանի մէջ գործող պաշտօնատար մը, որ խնդրեց անանուն մնալ, քանի որ իրենք իրաւասու չեն խօսելու իրենց կազմակերպութեան մասին, մեզի ըսաւ, որ տանտէրերը վարձքերը տոլարով կը պահանջեն, իսկ ասիկա ե՛ւ սուրիացիներուն ե՛ւ լիբանանցիներուն համար աւելի անմատչելի կը դառնայ: Պաշտօնատարը ըսաւ, որ ատիկա  յանգեցուցած է վտարման սպառնալիքներու:

Ապու Խալետ աւելցուց, որ ներկայիս տնտեսական իրավիճակը Լիբանանի ամէնէն խոցելի մարդիկը հարուածած է, որովհետեւ շինարարութեան եւ երկրագործութեան ասպարէզներու այն գործարարները, որոնք Պեքաայի մէջ սուրիացիներ կ՛աշխատցնէին, տագնապին ազդեցութեան տակ սեղմումներ ըրած են` աշխատաւորներ արձակելով, կամ ընդհանրապէս գործունէութիւնը դադրեցնելով:

Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան հրապարակած վերջին տուեալները հաստատեցին, որ 2019 թուականի սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամիսներու  շինարարութեան արտօնութիւնները եւ շաղախի առաքումները նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի միջինէն ցած են:

Աճող անապահովութիւն

Նոյնպէս կան ապացոյցներ այն մասին, որ սուրիացի ապաստանեալները կը դիմագրաւեն աճող խտրականութիւն եւ ոտնձգութիւններ:

Ահմետ, որ Լիբանան ապաստանած սուրիացիներէն է եւ կը բնակի Պեքաայի Մարժ աւանին մէջ, ըսաւ, որ, երեք ամիսէ աշխատանքէ արձակուած իր հօր ինքնաշարժին  պատուհաններուն ապակիները վերջերս փշրած են, երբ ան  գացած էր գումար առնելու տեղական դրամատունէն: Ահմետ նշած է, որ իր հայրը շատ հաւանաբար թիրախաւորուած է այն մտայնութեամբ, որ սուրիացիները լիբանանցի յաճախորդներուն դրամները կ՛առնեն դրամատուներէն:

«Հայրս իր դրամատնային հաշիւը ունի, եւ դրամները կու գան ոչ թէ Լիբանանէն, այլ` ուրիշ երկիրներէ: Բայց ան սուրիացի է…»,  ըսաւ Ահմետ:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գործակալութեան Լիբանանի մէջ գործող պաշտօնատարը նշեց, որ մինչ ճգնաժամին պատճառով ոտնձգութիւններու դէպքերը իրենց մօտ չեն աճած, իրենք եւ այլ պաշտօնեաներ լաւ գիտեն, որ նման իրադարձութիւնները կրնան բազմանալ, որովհետեւ կացութիւնը կը շարունակէ վատթարանալ:

Բայց բազմաթիւ ապաստանեալներու համար այսպիսի միջադէպերը, միացած` դրամական դժուարութիւններուն, ցնցող յիշատակներ կ՛արթնցնեն:

Մահմուտ եւ Շալհում կ՛ըսեն, որ Լիբանանի խորացող տագնապը կարծես արձագանգն է խռովարարութեան առաջին իսկ օրերուն Սուրիոյ մէջ իրենց  ապրածին:

«Տագնապներուն սկիզբը որոշ նմանութիւններ ունին ատոնք», ըսաւ Շալհում:

«Ինչպէս Սուրիոյ մէջ, սկսան սակերու բարձրացումի տագնապներ, տոլարի տագնապներ, տագնապներ, տագնապներ, տագնապներ, եւ մարդիկ դուրս եկան փողոց»:

«Սկիզբը մենք երկար ժամանակ ելեկտրական հոսանք չունէինք, ինչպէս 6 ժամ, երբեմն` 12 ժամ, երբեմն 24 ժամուան ընթացքին մենք ունէինք 2 ժամ», ըսաւ Մահմուտ` աւելցնելով, որ իր աշխատելու ընթացքին աշխատավարձը 90 առ հարիւրով  կրճատուած է Դամասկոսի մէջ:

«Ամէն բան շատ կը սղէր` կազ եւ  շաքար, այն բոլորը, որ կրնաս երեւակայել»:

Քաղաքացիական պատերազմի վախ

Մահմուտ, որ Սուրիայէն հեռացաւ  2016-ին, ըսաւ, որ եթէ Լիբանանի մէջ հարցերը շարունակուին վատթարանալ, հաւանական է, որ ինք հեռանայ երկրէն:

Հաւանական տարբերակ է Սուտանը, որ այն քիչ երկիրներէն է, որ սուրիացիներուն կ՛արտօնէ ժամանել առանց վիզայի:

«Իմ բազմաթիւ ընկերներս կը սկսին մտածել Սուրիա վերադառնալու մասին: Բայց հիմա Սուրիա վերադառնալը շատ վատ գաղափար է ինծի համար, ես չեմ կրնար մտածել այդ մասին», աւելցուց ան:

Ըստ Ապու Խալետի, սուրիացիներու  վերջին խումբի անդամները, որոնք դեկտեմբերին վերադարձած են իրենց երկիրը, այդ քայլին պատճառը նշած են Լիբանանի մէջ  սննդամթերքի գիներու բարձրացումը:

Բայց անոնք այնտեղ կրնան նոյն խնդիրները դիմակալել:

Նասեր Եասին` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս, կեդրոնանալով առողջապահութեան, երիտասարդութեան եւ ներգաղթեալներու հասարակական քաղաքականութեան վրայ, կ՛ըսէ, որ Սուրիոյ տնտեսական կացութիւնը շատ աւելի լաւ չէ:

«Սուրիոյ տնտեսութիւնը պիտի տուժէ Լիբանանը հարուածող տնտեսական տագնապէն. այնպէս որ,  նոյնիսկ աւելի դժուար պիտի դառնայ սուրիացիներուն համար  վերադառնալ իրենց հայրենիքը` առանց ապրուստի աղբիւրներու  հեռանկարներու», ըսաւ Եասին:

Հակառակ Պէյրութի եւ այլ վայրերու մէջ տարբեր կողմերու համախոհներու միջեւ տեղի ունեցած լարուածութեան վատթարացման` Մահմուտ տակաւին չի հաւատար, որ  Լիբանանի մէջ կրնայ պայթիլ ամբողջական հակամարտութիւնը:

Բայց Նաժաշի գաղթակայանի որոշ բնակիչներ շատ աւելի բարձրաձայն կ՛արտայայտուին իրենց մտահոգութիւններուն մասին:

Սուրիացի ապաստանեալները կը հաւաքուին իրենց ապաստարաններուն մօտ, ձմրան փոթորիկին պատճառով, որ անձրեւ եւ ձիւն տեղացուցած է Պեքաայի մէջ, Լիբանան ։

«Մտավախութիւն կայ, որ եթէ այստեղ քաղաքացիական պատերազմ սկսի, լիբանանեան այն կուսակցութիւնները, որոնք կռուած են Սուրիոյ մէջ,  կը վերադառնան կռուելու Լիբանանի մէջ», ըսաւ  Օմար Ալի, որ Ռաքքայէն Լիբանան ապաստանած սուրիացի մըն է:

Մինչ դրամական աղբիւրները կը նուազին, ապաստանեալներու հարցերով զբաղող յանձնախումբերը դժուարութիւններ դիմագրաւելով, կը փորձեն իրարու օգնել` սահմանափակ աշխատանքային կարելիութիւններէն կամ օժանդակութեան գումարէն, գարնանային բերքի եկամուտներէն:

Դիմագրաւելով աննախընթաց տնտեսական եւ քաղաքական ճնշումները` Լիբանանի մէջ սուրիացիները կը խորհին, թէ այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի իրենք կը գտնուին թակարդի մէջ:

«Կա՛մ ծովը, կա՛մ թշնամին»,  ըսաւ Ալի, նկարագրելով սուրիացիներուն համար երկու տարբերակները` ամէնէն վատ պարագային:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Գաղափարները Հարազատ Են Իւրաքանչիւր Հայի, Ով Սիրում Է Իր Հայրենիքը, Ով Մտածում Է Իր Ժողովրդի Մասին

Յաջորդը

Արցախի Նուիրուած` «Պատերազմի Եւ Երազներու Երկիր» Լեհական Առաջին Շարժապատկերը

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?