Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 4, 2020
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՛ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Բանակին Մէջ Ծառայող Կիները Նախարարին Ներկայացուցին Իրենց Հմտութիւնները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 26 փետրուարին ներկայ գտնուեցաւ կիներու յատուկ ձեռնամարտի հնարքներու ցուցադրութեան:

Հայաստանի բանակին մէջ ծառայող այս բաժանմունքի կիներու ջոկատի անդամները պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին ներկայացուցին իրենց մարզումներուն ընթացքին ձեռք բերած գործնական հմտութիւնները` դանակով յարձակում, պաշտպանութիւն եւ մարտավարական այլ յատուկ հնարքներ:

Նշելով, որ կը սիրեն իրենց ընտրած մասնագիտութեան խորհրդաւորութիւնն ու գաղտնիութիւնը, կին զինուորները հաստատեցին, որ ֆիզիքապէս ու հոգեբանօրէն պատրաստ են տղամարդոց հետ հաւասար յաղթահարելու որեւէ փորձութիւն եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, մարտի դաշտին մէջ կատարել յատուկ նշանակութեան խնդիրներ:

 «Սումկայիթի Ոճրագործութիւնը Ազրպէյճանահայութեան Ցեղասպանութեան Միայն Մէկ Դրուագն Էր». Արտակ Բեգլարեան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 27 փետրուարին Ասկերան քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Սումկայիթի ջարդերուն 32-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին:

Պաշտպանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Սումկայիթի ոճրագործութիւնը Ազրպէյճանի հայութեան դէմ իրականացած ցեղասպանութեան միայն մէկ դրուագն էր:

«Սումկայիթում հայութիւնը ենթարկուեց դաժան ջարդերի, որը ազրպէյճանական իշխանութիւնների պատասխանն էր արցախեան շարժմանը: Սումկայիթից յետոյ զանգուածային կոտորածների շղթան շարունակուեց Ազրպէյճանի այլ բնակավայրերում եւ Արցախում: Մի քանի տարում հազարաւոր հայեր սպաննուեցին, հարիւր հազարաւորները լքեցին իրենց տները եւ բազմաթիւ զրկանքներ կրեցին միայն ցեղային պատկանելիութեան պատճառով:

«Առ այսօր իրաւական ու քաղաքական պատշաճ գնահատական չի տրուել միջազգային հանրութեան կողմից, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը շարունակում է իր յանձնառութիւնը ազրպէյճանահայութեան ցեղասպանութեան հատուցման ու կազմակերպիչներին պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցում: Բոլորս հասկանում ենք, որ նոյն վտանգը պահպանւում է տարածաշրջանում, ինչի վառ ապացոյցը Ազրպէյճանում տիրող հայատեացութեան պետական քաղաքականութիւնն է, իսկ նոր յանցագործութիւնների կանխման երաշխիքը` հայոց ամուր պետականութիւնն ու զինուած ուժերը», հաստատեց Արտակ Բեգլարեան:

Այնուհետեւ ան մասնակցեցաւ Սումկայիթի հայերու ջարդերու զոհերու յիշատակին նուիրուած սուրբ պատարագին:

«Սեռով Պայմանաւորուած Յղիութեան Ընդհատումներու Թիւով Վատթարագոյն Դիրքի Վրայ Ենք». Վարչապետ Փաշինեան

«Մենք լուրջ խնդիր ունինք` կապուած սեռով պայմանաւորուած յղիութեան ընդհատումներուն հետ», ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան 27 փետրուարի նիստին:

Ան նշեց, որ սեռով պայմանաւորուած յղութիւններու ընդհատման ցուցանիշով Հայաստան աշխարհին մէջ վատագոյն մակարդակի վրայ է: «Հետաքրքրականը այն է, որ մեր երկրին մէջ այս գործընթացներուն զուգահեռ, Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կանայք են: Ասիկա շատ հետաքրքրական երեւոյթ մըն է: Ի հարկէ այստեղ շատ մեծ դեր ունեցած է պատերազմը, բայց կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ մեր ազգային անվտանգութեան առնչուող գաղտնի փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ կայ արձանագրում կիներու դերին վերաբերեալ: Ըստ որուն, կիներու դերի ընկալման այն իրավիճակը, որ մենք այսօր ունինք, սպառնալիք է մեր ազգային անվտանգութեան համար», շեշտեց Փաշինեան:

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան տեղեկացուց, որ սեռով պայմանաւորուած յղութեան ընդհատումներու կանխարգիլման ուղղութեամբ արդէն մշակուած է ազգային ծրագիր եւ շուտով կը հաստատուի, ինչ որ աւելի համակարգուած պիտի դարձնէ այս գործողութիւնները:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան իր կարգին նշեց, որ Հայաստան սեռով պայմանաւորուած յղութեան ընդհատումներու թիւով աշխարհին մէջ յոռեգոյն երկիրներու եռեակին մէջ է: Միւս 2 երկիրներն են Չինաստանն ու Ազրպէյճանը:

«Ասիկա նաեւ մշակութային խնդիր է, որ մենք պէտք է տարիներու ընթացքին փոխենք: Որքան ալ մենք իրաւական օրէնքներ մշակենք, օրինակ, սեռը չըսենք ծնողներուն եւ նման սահմանափակումներ ընենք, պիտի ըլլան յղութեան ընդհատման աւելի վատ տարբերակներ: Ուստի աւելի կարեւոր է կնոջ դերի բարձրացումը, որով մենք կրնանք աւելի լաւ արդիւնքներու հասնիլ յառաջիկայ տարիներուն», եզրափակեց Թորոսեան:

Վերականգնուեցաւ Մարտիրոս Սարեանի «Կոստանդնուպոլսի Շները» Կտաւը

28 փետրուարին ընթացք պիտի առնեն մեծանուն նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի 140-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեանը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ 28 փետրուարին պիտի համախմբուին Սարեանի արձանին մօտ, այնուհետեւ այցելեն Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն` նկարիչի շիրիմին, իսկ Աւետիք Իսահակեանի գրադարանին մէջ պիտի կայանայ Սարեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած «Յուշեր Մարտիրոս Սարեանի մասին» գիրքին շնորհահանդէսը:

29 փետրուարին` նկարիչին ծննդեան օրը տուն-թանգարանին մէջ պիտի կատարուին տարբեր նախաձեռնութիւններ:

Բայց եւ այնպէս ան նշեց, որ ամէնէն հետաքրքրականը այն է, որ հիմնովին վերանորոգուած է մեծ վարպետին 1910 թուականին ստեղծած «Կոստանդնուպոլսի շները» կտաւը, որ պիտի ներկայացուի արուեստասէր հասարակութեան:

Ան նշեց, որ կարեւոր խնդիր է մշակութային արժէքները պահպանել եւ բարւոք վիճակին մէջ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: «Սարեանը մեծ մտահոգութիւն ունէր այդ նկարին կապուած: Տակաւին իր կենդանութեան օրօք անիկա վնասուած էր: Փորձած է վրան աշխատիլ, կարգի բերել, բայց, ի հարկէ, պէտք էր մասնագիտական աշխատանք, որ կատարուեցաւ», ըսաւ տուն-թանգարանի տնօրէնը:

Ռ. Սարեան տեղեկացուց, որ 20 մարտին պիտի ներկայացուին Մարտիրոս Սարեանի` «Ալմաստ» օփերայի համար գծած էսքիզները: «Տարիներ շարունակ կը խօսէինք այն մասին, որ օփերան բեմ բարձրանայ սարեանական ձեւաւորումով, եւ, կարծես թէ, միւս տարի, երբ պիտի տօնենք Սպենդիարեանի 150-ամեակը, արդէն կ՛ունենանք «Ալմաստը» բեմին վրայ նաեւ Սարեանի`  վերականգնուած ձեւաւորմամբ», նշեց ան:

Հայաստանի Ներկայացուցիչները Մետալներով Վերադարձան Թաւջութակահարներու Միջազգային Մրցումներէն

Երեւանի Փ. Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի սաները միջազգային թաւջութակահարներու մրցումներէն վերադարձան մետալներով:

Աւստրիոյ մէջ Աննա Կուլի անուան միջազգային մրցոյթին թաւջութակահարներ Արտեոմ Իոաննիսեան եւ Միքայէլ Ոսկանեան տպաւորիչ ելոյթներով հանդէս եկան: Իբրեւ արդիւնք` առաւել քան 300 երաժիշտներու մէջ անոնք կրցան առաջին հնգեակին մէջ տեղ գրաւել: Արտեոմ Իոաննիսեան արժանացաւ երրորդ մրցանակին, իսկ Միքայէլ Ոսկանեան` մետալի եւ դափնեկիրի կոչման:

«Մրցակցութիւնը բաւական մեծ էր, իսկ դատական կազմը` խիստ: Մրցումին մասնակցած էին` Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Հարաւային Քորէայէն, Աւստրիայէն եւ այլ երկիրներէ: Յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է իմ ուսուցչուհիս, որ ինծի հետ գիշեր ցերեկ աշխատած է, որուն համար շատ շնորհակալ եմ», ըսաւ Արտեոմ Իոաննիսեան:

«Մենք երկու հայ երաժիշտով յայտնուեցանք լաւագոյն հնգեակին մէջ, որ շատ ոգեւորիչ էր: Այսպիսի մրցոյթներու մասնակցիլը շատ կարեւոր է, կրնանք փորձառութիւն, վստահութիւն, ճանաչողութիւն ձեռք ձգել, նոր կապեր հաստատել, ընկերներ ունենալ», նշեց Միքայէլ Ոսկանեան:

Տղաներու յաջողութիւններէն ետ չի մնար տասնամեայ Մարի Յակոբեանը, որ նոյն դպրոցի երաժշտական մասնագիտական սան է: Ան Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած Անթոնիօ Եանիկրոյի թաւջութակահարներու 12-րդ միջազգային մրցումին գրաւեց առաջին դիրքը եւ արժանացաւ յատուկ մրցանակի: Մրցումին կը մասնակցէին 18 երեխաներ` զանազան երկիրներէ: «Առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէի այսպիսի մրցոյթի: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ սիրելի ուսուցչուհիիս` Գայեանէ Ռաֆայէլեանին, ան ինծի շատ օգնած է», ըսաւ ան:

«Լուսաբացէն Առաջ»-ը Պիտի Մասնակցի «Արտաւազդ» Ամէնամեայ Թատերական Փառատօնին

Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը արցախցի երիտասարդ գրող Հերմինէ Աւագեանի «Պատերազմ… աչքեր… ծաղիկներ…» վերնագրով գիրքի հիման վրայ բեմադրուած «Լուսաբացէն առաջ» ներկայացումով պիտի մասնակցի Հայաստանի «Արտաւազդ» ամէնամեայ թատերական փառատօնին:

Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուզան Խաչատրեանը:

Մարտ 27-ին` թատրոնի միջազգային օրը, «Լուսաբացէն առաջ»-ը պիտի ներկայացուի Երեւանի մէջ կայանալիք հանդիսաւոր մրցանակաբաշխութեան. փառատօնը պիտի նուիրուի Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Երուանդ Ղազանչեանի յիշատակին:

Տեղեկացնենք, որ ներկայացումը հերթական անգամ պիտի ցուցադրուի մարտ 4-ին, Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մեծ դահլիճին մէջ:

Ծիրանի Փառատօն` Արարատի Մարզին Մէջ

Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ 2020-ին մեծ շուքով պիտի նշուի ծիրանի փառատօնը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեանը:

«Ծիրանը Հայաստանի մէջ ամէնէն առաջ կը հասուննայ Արմաշի եւ Սուրէնաւանի շրջանին մէջ, այդ իսկ պատճառով այս տարի կը նախատեսենք մեծ շուքով ծիրանի փառատօն կազմակերպել: Աշնան ալ պիտի նշենք բերքի տօնը», տեղեկացուցած է Արարատի մարզպետը:

Անդրադառնալով մարզի հիւրանոցներուն` մարզպետը շեշտած է, որ այս պահուն մարզին մէջ չկան հիւրանոցներ:

«Զբօսաշրջիկները հիմնականօրէն մեր մարզին մէջ չեն գիշերեր, որովհետեւ Երեւանին շատ մօտ կը  գտնուինք: Մեր մարզին մէջ կանգառ կը կատարեն միայն Խոր Վիրապի եւ Նորավանքի մէջ», նկատել տուած է ան:

Անոր խօսքով, այստեղ հարց կայ` մարզի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը յաւուր պատշաճի ներկայացնելու, ինչպէս` Դուին հնավայրը, Արտաշատ մայրաքաղաքը եւ այլ պատմական վայրեր:

Սարգիսեան հաւաստիացուցած է, որ մարզին մէջ եղած բոլոր հարցերը յառաջիկայ տարիներուն պիտի լուծեն, որպէսզի այդ վայրերը աւելի հասանելի ըլլան զբօսաշրջիկներուն:

Հայաստանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Օդային Փոխադրութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրուի

Կ՛ակնկալուի, որ մարտ ամսուան մէջ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուի երկու երկիրներու օդային փոխադրութեան մասին համաձայնագիրը: Այս մասին «RT» կայանին յայտնած է Հայ-արաբական իրաւաբանական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Վահէ Մահշիկեանը:

Ըստ Մահշիկեանին, համաձայնագիրը տակաւին մշակման փուլի մէջ է: Ան կը ներառէ երկու երկիրներէ արտօնագրուած որեւէ ընկերութեան իրաւունք տալ տեղափոխուիլ երկու պետութիւններու տարածքին գտնուող որեւէ քաղաքացիական օդակայան:

Ան յայտնած է նաեւ, որ օդանաւի տոմսերուն գինը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 100 հազար սուրիական թղթոսկի, ներկայիս 450 հազար թղթոսկիի փոխարէն:

Ըստ անոր, այս համաձայնագիրը պիտի դիւրացնէ երկու երկիրներու, յատկապէս սուրիահայերու ճամբորդութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան աշխուժացման:

Fintech360 Միջազգային Համաժողովը Երեւանի Մէջ

Երեւանի մէջ ապրիլ 28-30 տեղի պիտի ունենայ FINTECH360 միջազգային համաժողովը: Անիկա պիտի իրագործուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան, Unibank-ի եւ Unistream դրամական փոխանցումներու համակարգին աջակցութեամբ:

Fintech360-ի ընթացքին, դրամատուներու, դրամական փոխանցումներու եւ վճարային համակարգերու, IT ընկերութիւններու, սթարթափերու ղեկավարները պիտի քննարկեն, թէ ինչպէ՛ս նոր արհեստագիտութիւնները պիտի օգնեն գործարարութեան յառաջախաղացումին եւ զարգացումին:

Օրակարգի կարեւոր նիւթերն են`

– Ելեւմտական կազմակերպութիւններու յաճախորդներու վարքագիծային յատկանիշները,

– Ինչպէ՞ս բարձրացնել յաճախորդներու հաւատարմութիւնը սուր մրցակցային պայմաններու ժամանակ,

– Big Data-ն ելեւմտական շուկայագիտութեան մէջ,

– Արհեստական բանականութիւնը ինչպէ՞ս կ՛օգնէ բարձրացնելու վտանգի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը եւ նուազեցնելու ծախսերը,

– Գերանվտանգութիւնը թուային դարաշրջանին,

– RegTech եւ համապատասխանութեան վտանգներու արդիւնաւէտ կառավարում,

– Կարգաւորում եւ նորարարական արհեստագիտութիւնները ելեւմտական մարզէն ներս:

Քննարկումները եւ կլոր սեղանները համաժողովի մասնակիցներուն կարելիութիւն պիտի ստեղծեն, փոխանակումի փորձով, ընդլայնելու գործարար կապերու շրջանակը եւ ձեռք բերելու նոր գործընկերներ:

Fintech360-ը տեղի պիտի ունենայ Holiday Inn Yerevan Republic Square հիւրանոցի դահլիճին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնական հետազօտական կեդրոնին մէջ:

Մասնակիցներուն կը սպասուի ո՛չ միայն բաւարար գործարարական օրակարգ, այլեւ` անմոռանալի մշակութային ծրագիր: Հայաստան այցելութիւնը պիտի յիշուի Գեղարդ, Գառնի, Դիլիջան եւ Սեւանայ լիճ հետաքրքրական այցելութիւններով:

 

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Սկսաւ Նուպար Աֆէեանի Ընկերութեան Քորոնա Ժահրին Յատուկ Պատուաստին Փորձարկումը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?