Անգլիական «Տէյլի-Մէյլ» հանրածանօթ օրաթերթին համաձայն, Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերը կրնան կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Նշուեցաւ, որ կը քննարկուի այդ խաղերուն ժամկէտները փոփոխութեան ենթարկելու եւ ուղղակիօրէն պատկերասփռելու հարցը:
Մինչեւ երէկ Ճափոնի մէջ այդ հիւանդութեան պատճառով մահացած է 12 անձ, մինչ 961 անձեր «Քորոնա»-ով վարակուած են:
Նշենք, որ այս խաղերը պիտի սկսին 24 յուլիսին եւ աւարտին` 9 օգոստոսին: Անոնց պիտի մասնակցին 206 երկիրներէ շուրջ 11 հազար մարզիկներ: