Միջազգային ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը, Ռումանիոյ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին հետ իր ունեցած քննարկումներէն ետք, չեղեալ համարեց աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան կայացումը Ռումանիոյ մայրաքաղաք` Պուքրեշի մէջ:
Այս որոշումին պատճառը Պուքրեշի մէջ արձանագրուած «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու պարագան է:
14-21 մարտ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին 80 երկիրներէ հարիւրաւոր մարզիկներ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան զուգահեռ, Պուքրեշի մէջ նախատեսուած միջազգային ֆետերասիոնին տարեկան համագումարն ու գործադիր կոմիտէին նիստը եւս ջնջուեցան: