«Սթեմֆորտ Պրիճ»-ի իր դաշտին վրայ Չելսի այսօր կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին Ե. հանգրուանին ծիրին մէջ:
Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երկու կազմերը 2012-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման կու գան:
Նշենք, որ Չելսի յաջորդաբար հինգերորդ տարեշրջանն ըլլալով կը հասնի այս հանգրուանին:



