Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Պունտըսլիկա»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն երկրին գործող ախոյեան Միւնիխ` 6-0 արդիւնքով Պայէրն Միւնիխ` 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Հոֆընհայմը, երեք կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Լայփցիկի վրայ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պայէր Լեւերքուզընի հետ:
Պայէրնէն Ֆիլիփ Քութինիօ տուպլէ մը իրագործեց:
Պորուսիա Տորթմունտ աւելիով մօտեցաւ Լայփցիկին եւ այժմ միայն կէտի մը տարբերութեամբ ետ կը մնայ անկէ:
Տորթմունտ իր յաղթանակը` արձանագրեց Ֆրայպուրկի դէմ` 1-0 արդիւնքով, 81 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Պայէրն այժմ ունի 52 կէտ, Լայփցիկ` 49, իսկ Տորթմունտ` 48: