Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ուրարտու, շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը, արձանագրեց նոր յաղթանակ մը, այս անգամ 115-58 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Գիւմրին:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 23-14, 26-9, 28-12, 38-23:
Մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Ուրարտուէն` Մայքըլ Յակոբեան (32 կէտ):