Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէեւ Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Սկսի Քննարկել Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը, Սակայն Քաղաքական Ուժեր Արդէն Ճշդած Են Իրենց Շնորհելիք Վստահութեան Քուէի Պատկերը

Փետրուար 11, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէեւ խորհրդարանը այսօր պիտի սկսի քննարկել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, սակայն քաղաքական ուժեր արդէն իսկ ճշդած են իրենց շնորհելիք վստահութեան քուէի պատկերը:

Կառավարութեան ծրագիրի քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ վաղը:

Այս առիթով բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ բանակը խորհրդարանին շրջակայքը  որդեգրած է ապահովական խիստ  միջոցառումներ Կեդրոնական Պէյրութի, Սայֆիի, Պըրժ Մըրի, Մոնրօ պանդոկի, Պըրժ Ղազալէի, ինչպէս նաեւ Ալենպի փողոցին վրայ:

Բանակը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն` հետեւելու որդեգրուած միջոցառումներուն եւ ճամբաները փակելու նախաձեռնութիւններուն վերջ տալու` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ հրապարակներուն վրայ ցոյցեր կատարելու քաղաքացիին արդար իրաւունքը:

Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներ կոչեր ուղղեցին` առաւօտեան կանուխ ժամերէն ճամբաները փակելու, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ ներկայութիւն ըլլալու իրենց հրաւիրած ցոյցերուն:

Անկախ այս բոլորէն, սակայն, կարգ մը քաղաքական ուժեր արդէն իսկ յայտարարեցին կառավարութեան շնորհուելիք վստահութեան քուէին մասին իրենց կեցուածքները:

Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ պլոքը պիտի մասնակցի խորհրդարանի նիստին, բայց իր վստահութեան քուէն պիտի չշնորհէ կառավարութեան:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքը պիտի մասնակցի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը քննարկելու խորհրդարանի նիստին, սակայն կառավարութեան պիտի չշնորհէ իր վստահութեան քուէն:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չշնորհեն, որովհետեւ անիկա հիմնուած է նախորդ կառավարութիւններուն ծրագիրներուն վրայ:

Ղովմի կուսակցութեան պլոքը հաստատեց խորհրդարանի նիստին չմասնակցելու եւ կառավարութեան վստահութեան քուէ չշնորհելու իր որոշումը:

Անկախ կեդրոն պլոքը որոշեց չմասնակցիլ խորհրդարանի նիստին եւ իր վստահութեան քուէն չշնորհել կառավարութեան:

Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, որ ինք պոյքոթի պիտի ենթարկէ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստին իր մասնակցութիւնը` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդին պատրաստած աշխատանքային ծրագիրը Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն չի համապատասխաներ:

Երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ ինք կը մերժէ իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան մը, որ Ժըպրան Պասիլը կը ներկայացնէ:

Նասըրական շարժումի նախագահ երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը մերժէ երկիրը քանդումի առաջնորդներու կողմէ կառավարուող նախարարաց խորհուրդին շնորհել իր վստահութեան քուէն:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն` մեկնելով քաղաքականութեան մէջ անոր ներկայացուցչութենէն, եւ ոչ թէ ելեկտրականութեան համակարգին համար առաջարկուած ծրագիրէն:

Հակառակ այս բոլոր կեցուածքներուն, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ կառավարութիւնը իր ներկայացնելիք աշխատանքային ծրագիրով պիտի ստանայ խորհրդարանին վստահութեան քուէն:

Նախորդը

«Պաշտպանեցէ՛ք Բանակը, Պաշտպանած Կ՛ըլլաք Հայրենիքը» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Յաջորդը

Ակնարկ. Բուն Մարտահրաւէրը` Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Վստահութեան Քուէէն Անդին

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?