Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը պաշտօնազրկման հոլովոյթի երկու կէտերով արդարացուց երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Այսպիսով Թրամփ պիտի չդատապարտուի եւ հեռացուի իր վարած պաշտօնէն, իսկ պաշտօնազրկման հոլովոյթը աւարտեցաւ: Ծերակոյտը անմեղ ճանչցաւ Թրամփը պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ Քոնկրեսի գործունէութիւնը խոչընդոտելու մեղադրանքներուն մէջ:
Պաշտօնազրկման համար անհրաժեշտ էր ծերակուտականներու երկու երրորդին քուէն: Այլ խօսքով` անհրաժեշտ էր 67 քուէ, սակայն Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն կազմող հանրապետականներէն 52 ծերակուտական պաշտօնազրկման դէմ քուէարկեցին: Միայն մէկ հանրապետական` Եութայէն ծերակուտական Մեթ Ռոմնին թեր քուէարկեց երկու մեղադրանքներէն մէկուն, իսկ Թրամփ այդ քայլը կոչեց երեսպաշտութիւն:
Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի յայտարարեց, որ Թրամփ կը շարունակէ վտանգ մնալ ժողովրդավարութեան համար:
Յիշեցնենք, որ Թրամփը պաշտօնազրկելու հոլովոյթը ընթացք առած էր Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամներու ջանքերով: Դեմոկրատականները կը յայտարարէին, որ Թրամփ կը փորձէ Քոնկրեսին մէջ ձգձգել Ուքրանիոյ զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու հաւանութիւնը` Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիէն ակնկալելով օգնութիւն ցուցաբերել իր քաղաքական հակառակորդ Ճօ Պայտընի եւ անոր որդիին դէմ ընթացող հետաքննութեան: