«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, ցարդ լաւագոյն խումբը նկատուող արեւելեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց տարեշրջանի իր 42-րդ յաղթանակը (միայն` 7 պարտութեան կողքին), երբ 129-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ֆէոնիքս Սանզը:
Պաքսի ետին գտնուող երկրին գործող ախոյեանը` Թորոնթօ Ռեփթըրզ, իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 129-102 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Շիքակօ Պուլզը:
Անուանի պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթի մահէն ետք (ուղղաթիռի արկածի պատճառով), անոր անցեալի խումբը Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 129-113 արդիւնքով պարտութեան մատնելով հիւրընկալ կազմը` Սաքրամենթօ Քինկզը:

Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Եութա Ճեզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (124-107), Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին մաս կազմող Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 51 կէտ:
Այլ մրցումի մը, Հիուսթըն Ռոքեթց 117-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Նիւ Օրլինզը: Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 40 կէտ:

Թէեւ Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (39 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), սակայն անոր կազմը` Տենվըր Նակեթց, երկարաձգումէն ետք 128-123 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտին վրայ:


