ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի` անդրադառնալով քարիւղի պեղման առումով կառավարութեան տուած որոշումին, շնորհաւորեց Լիբանանն ու լիբանանցիները եւ մաղթեց, որ այդ աշխատանքը ունենայ ուրախ աւարտ:
Պըրրի ընդգծեց, որ այս հանգրուանը գործնական աշխատանքի հանգրուան է:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց արտերկրի լիբանանցիներուն միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեց, որ Լիբանանի հետ առանց համայնքային խտրականութեան անոնց գործակցութիւնը շատ աւելի շինիչ է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց իրաքցի իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Իրաքի, Լիբանանի եւ տագնապներ դիմագրաւող բոլոր երկիրներուն մէջ խաղաղութիւն տիրէ:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, 2011-ին Կեդրոնական դրամատան մէջ օտար դրամանիշով պահ դրուած գումարները յաւելում արձանագրած են:
ՊԱՐԺԱՅԻ դպրոցներէն մէկուն մէջ ենթադրեալ ականի մը գոյութեան մասին լուրը երէկ խուճապ ստեղծեց շրջանին մէջ: Ապահովական ուժեր անմիջապէս փութացին Պարժա, ուր անոնք կատարեցին խուզարկումներ եւ ստուգումներ, որոնց աւարտին ի յայտ եկաւ, որ ականին մասին լուրը սուտ ահազանգ մըն էր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իրենց ունեցած հիմնական հարցը այն է, թէ վարչապետը ոտնձգութիւններ կը գործէ նախարարներուն իրաւասութիւններուն դէմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ քարիւղի պեղման աշխատանքները երկար ժամանակի կը կարօտին: Ան աւելցուց սակայն, որ քարիւղի պեղումը սկսելու համար անհրաժեշտ է սկսիլ վստահութիւն ներշնչող քայլերով:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց Լիբանանի մէջ տնտեսական յստակ քաղաքականութիւն մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը` թեթեւցնելու համար պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին պատճառող բեռը:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Քայիտայի ցանցին մասին պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի յայտարարութիւնները համազօր են սուրիական վարչակարգին արտայայտած կեցուածքներուն:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի հանդիպում մը ունեցաւ Ժամաա Իսլամիէի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Մասրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ ներքին լիբանանեան կայունութիւնը պահպանելու հեռանկարները:


