ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2019-ին լոյս տեսաւ Համլէթ Գէորգեանի «Դրօ» գիրքը, 128 էջ, որ «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի թիւ 3-ն է:
Դրօ ծնած է 1884 մայիս 31-ին, Սուրմալու գաւառի Իգդիր աւանին մէջ:
Անդրկովկասի մէջ 1905 փետրուարին սկսան հայ-թաթարական ընդհարումները եւ Դրոն յայտնուեցաւ հայութեան ինքնապաշտպանութեան զինուորագրուած մարտիկներու շարքերուն մէջ:
1905 մայիս 11-ին, Պաքուի մէջ, վրիժառու Դրոյի ռումբի անվրէպ հարուածով արժանի դատաստանի արժանացաւ նահանգապետ Նակաշիձէ:
Այնուհետեւ Դրօ ստանձնեց Երեւանի մարտական խումբերէն մէկուն հրամանատարութիւնը, որմէ ետք Նիկոլ Դուման զայն Կոտայքի շրջանի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատար նշանակեց:
Դարալագեազի մէջ ընթացող կռիւներու մասնակցելէ ետք Դրօ ուղեւորուեցաւ Նախիջեւան եւ ստանձնեց այդ շրջանի մարտական ուժերու հրամանատարութիւնը:
Այնուհետեւ Նիկոլ Դումանի յանձնարարութեամբ մեկնեցաւ Զանգեզուր, օգնելու այդ շրջանի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատար Սեբաստացի Մուրատի:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք Դրօ ստանձնեց կամաւորական երկրորդ գունդին հրամանատարութիւնը: Դրոյի գլխաւորած զօրամասը 1915 մայիսին առաջինը մտաւ Վան եւ արժանացաւ քաղաքի պաշտպաններու ջերմ ընդունելութեան:
Դրոյի զօրախումբը օգնութեան հասաւ նաեւ Շատախի եւ Մոկսի ինքնապաշտպանութեան դիմած հայութեան:
Ռուսական բանակի նահանջէն ետք Դրօ գաղթականութեան հետ միասին հասաւ Իգդիր:
1915-ի աշնան եւ 1916 փետրուարին ռուսական զօրքերու եւ հայ կամաւորներու կողմէ իրականացուող յարձակողական գործողութիւնները պսակուեցան յաջողութեամբ: Դրոյի առաջնորդած զօրախումբը մտաւ Մուշ:
1917-ի ռուսական յեղափոխութենէն ետք կազմուեցան հայկական զօրագունդեր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի հրամանատարութեամբ, իսկ զինուորական կոմիսարի պաշտօնը վստահուեցաւ Դրոյի:
Դրօ թուրք եւ քիւրտ հրոսակախումբերէ մաքրեց Սուրմալու գաւառը:
Դրօ 1918 մայիս 23-ին ստանձնեց Բաշ Ապարանի ճակատի հրամանատարութիւնը եւ ջախջախեց թրքական զօրքերը:
1918 Մայիս 28-ին հռչակուեցաւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Դրօ 1918 դեկտեմբերին ստացաւ Լոռի-Փամպակը վրացական զօրքերէն մաքրելու Հայաստանի կառավարութեան հրամանը:
Դրօ 1919 դեկտեմբերին մեկնեցաւ Գորիս եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ Զանգեզուրը թուրքերէն մաքրելու մարտական գործողութիւններուն:
Դրօ 1920 ապրիլին մուտք գործեց Արցախ եւ դուրս մղեց ազրպէյճանական զօրամասերը:
Հայ-թրքական պատերազմի օրերուն, 1920 սեպտեմբեր-հոկտեմբերին Դրօ ստանձնեց Սուրմալուի ճակատի պաշտպանութիւնը:
1920 դեկտեմբեր 2-ին Հայաստան հռչակուեցաւ խորհրդային հանրապետութիւն:
1921 յունուարին Դրօ ուղարկուեցաւ Պաքու, ուրկէ «պատուաւոր» աքսորի ուղարկուեցաւ Մոսկուա: Մոսկուայէն անցաւ Փարիզ, հոնկէ` Ռումանիա: Բ. Աշխարհամարտէն ետք հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ. մահացաւ 6 մարտ 1956-ին, Պոսթընի մէջ: