Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Արթուր Մկրտչեան» (Հեղինակ` Աշոտ Պետրոսեան)

February 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2019-ին լոյս տեսաւ Աշոտ Պետրոսեանի «Արթուր Մկրտչեան» գիրքը, 126 էջ, որ «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի թիւ 4-ն է:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի կենսագործունէութիւնը նշանակալից է, ժամանակաշունչ եւ անժամանցելի:

Արթուր Մկրտչեան ծնած է 1989-ին, Արցախի Դիզակ գաւառի Ուխտաձոր (Էդիլլու) գիւղին մէջ: Մասնագիտացած է ազգագրութեան մէջ: Եղած է Հատրութի պատմա-երկրագիտական թանգարանի տնօրէն:

Հայ-թուրք հակամարտութիւնը, բացի կենսատարածքային պայքար ըլլալէ, նաեւ հակադիր քաղաքակրթութիւններու պայքար է: Անիկա նոր ուժով բռնկեցաւ 1988-ին, հայ ժողովուրդի սրտին մէջ անթեղուած կրակի բորբոքումէն:

Արթուր Մկրտչեան եւ իր ընկերները ձեռնարկեցին Հատրութի շրջանի ինքնապաշտպանութեան: Խորհրդային զօրքի մուտքով թուրքերը սկսան ուժային տարատեսակ միջոցներ կիրառել: Հայկական մարտական ջոկատներուն նպատակը սահմաններու պաշտպանութիւնն էր եւ բնակավայրերու ազատագրումը:

1991 մայիսին Հատրութի 14 գիւղերու հայ բնակիչները տեղահանուեցան: Յամառ մարտեր մղուեցան Հատրութի պաշտպանութեան համար: Առաջին ազատագրուած բնակավայրը Տողն էր, ապա` Սարինշէնը եւ Ստեփանակերտի մերձակայ բնակավայրերու ազատագրման գործողութիւնները:

Արթուր Մկրտչեան ոչ միայն անմիջական մասնակցութիւն բերաւ Տողի գործողութեան, այլեւ եղաւ անոր կազմակերպիչներէն մէկը:

1991 սեպտեմբեր 2-ին հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը, որ վաւերացուեցաւ նոյն տարուան դեկտեմբեր 10-ին կայացած հանրաքուէով:

1992 յունուարին տեղի ունեցաւ ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի անդրանիկ նստաշրջանը: Արթուր Մկրտչեան ընտրուեցաւ ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ:

Հակառակ ծանրագոյն պայմաններուն, Գերագոյն խորհուրդը սկսաւ իր գործունէութիւնը: Ընտրուեցաւ նախագահութեան կազմ, ընդունուեցան շարք մը որոշումներ:

Հեղինակը այնուհետեւ կը մէջբերէ Հրանդ Խաչատրեանի խօսքը, որուն համաձայն Արթուր Մկրտչեանի ողբերգական, հանելուկային մահը գրանցուած է մեր անորոշութիւններու մատեանին մէջ եւ մեր հետագայ ընելիքներէն մէկը անիկա պարզելն է, այն հանգամանքները, որոնք պատճառ դարձան անոր զոհուելուն: Ան մեր պատերազմի ամենամեծ նահատակներէն մէկն է:

 

 

Նախորդը

Հայ-Թաթարական Ընդհարումներու Մարտական Եւ Գաղափարա-Քաղաքական Խորհուրդը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Դրօ» (Հեղինակ` Համլէթ Գէորգեան)

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.