Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան դարձաւ տիտղոսակիր` Լիզպոնի (Փորթուգալ) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Ան արձանագրելով 6 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն 7,5 կէտով դարձաւ տիտղոսակիր:
Անոր ետին գտնուող 8 մասնակցողներ, որոնց կարգին` Ֆրանսան ներկայացնող Տիգրան Ղարամեան, ապահովեցին 7-ական կէտ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 33 երկիրներէ 216 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 14 կրանտմասթըրներ: