Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Սարգիս Ադամեան ճանչցուեցաւ Հոֆընհայմի յունուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքին վրայ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ադամեան ապահովեց քուէներուն 74 տոկոսը:
26 տարեկան ֆութպոլիստը Հոֆընհայմ տեղափոխուելէն ետք (2019) երկրորդ անգամ ըլլալով կը ճանչցուի լաւագոյնը: