Հայրենի ֆութպոլիստ Արթուր Աւագիմեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ մէջ, ուր հանդէս պիտի գայ Չեռնոմորեց Օտեսայի հետ, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 22 կէտով կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:
2019-ի ամրան Ալաշկերտ Երեւանին միացած 23 տարեկան ֆութպոլիստը վերջերս երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց իր ակումբին հետ:
Աւագիմեան, որ նախապէս մաս կազմած է Շախտիոր Տոնեցքին, անոր հետ մասնակցած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատանեկան ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ հանդէս եկած է Ուքրանիոյ 16, 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներուն հետ: