Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած փետրուար ամսուան նոր դասաւորման մէջ պահեց իր դիրքը` 6-րդ հորիզոնականին վրայ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:
Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներէն առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Գաբրիէլ Սարգսեան (44-րդ), Հրանդ Մելքումեան (77-րդ) եւ առաջին անգամ առաջին հարիւրին մէջ դիրք գրաւած Կարէն Գրիգորեան (91-րդ):