Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2020-ի Հայաստանի Ներքաղաքական Մտահոգիչ Խորապատկերը

Յունուար 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

2018 ապրիլ-մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան ժողովրդային լայն զանգուածներու բողոքի ցոյցեր,  հանրաւաքներ, քայլարշաւ, երիտասարդական եւ ուսանողական բուռն շարժումներ` ի խնդիր փոփոխութեան եւ անյապաղ նախկին իշխանութիւնները եւ համակարգը տուն ղրկելու:

2018 ապրիլ-մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները փողոցի արդար եւ ողջունելի քաղաքացիական ճնշումը բարձրագոյն իշխանութեան հասցուց  Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան «գաղափարախօսութիւններու» բարդոյթ եւ «իզմեր» չունեցող ղեկավար պրն. Նիկոլ Փաշինեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութեան հանգամանքին: Դաշնակցութիւնն ալ օրին, ի շարս այլոց, Փաշինեանի առաջին կառավարութեան մաս կազմեց, օժանդակեց եւ զօրակցեցաւ` իր ամբողջ կենսափորձով, ծրագիրներով, նախարարներով եւ մարզպետով:

Կասկածէ վեր է, որ 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նոր իշխանութիւններուն վրայ դրուած էին հսկայական յոյսեր եւ գրաւ` նախկին իշխանութիւններու բացթողումները, թերութիւնները եւ անարդարութիւնները սրբագրելու, երկրէն ներս արդարութիւնը եւ հասարակական համերաշխութիւնը վերահաստատելու, փտածութեան եւ կաշառակերութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքար ծաւալելու, համակարգային բարեկարգումներ կատարելու, քատրային քաղաքականութիւն դրսեւորելու,  բնապահպանութեամբ զբաղելու, ներդրումային եւ լուրջ տնտեսական ծրագիրներ իրականացնելու, արդարադատութեան համակարգը արդիականացնելու եւ զարկ տալու արդիական արհեստագիտութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններուն եւ ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտներու պետական քաղաքականութեան զարգացման:

Սակայն, իրականութեան մէջ, հակառակ Կապանի մէջ օրեր առաջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փաշինեանի ներկայացուցած վիճարկելի հարիւր փաստերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերոնշեալ էական խնդիրներու առկայութիւնը տակաւին անվիճելի է եւ մեծապէս հարցական է, թէ ցարդ ներկայ վարչակազմին ներկայացուցած ծրագիրներէն, կատարած ամբոխավարական յայտարարութիւններէն եւ տուած խոստումներէն որքա՞նը խօսքի սահմաններէն անդին գործնական թարգմանութիւն ունեցան…

Վիճարկելի, որովհետեւ առնուազն տասնեակներով հակառակ բացասական փաստեր գոյութիւն ունին անկասկած, որոնց անդրադարձ չկատարուեցաւ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ի դէպ, Տնտեսական զարգացման նախաձեռնութիւններու կեդրոնի ուսումնասիրութիւններու տուեալները, որոնք մամուլի մէջ արդէն իսկ հրապարակուած են եւ կապ ունին վերոնշեալ բոլոր արծարծուած խնդիրներուն հետ, որ տարբեր են:

Արդարեւ, կարելի է պնդել, որ 2018-ի Փաշինեանի իշխանութեան քաղաքական վարքագիծը, փոխանակ տուեալ առկայ խնդիրներու յանձանձմամբ կլանուելու եւ հաստատուելու երկրէն ներս, գնաց այլ ուղղութեամբ. փաստօրէն Փաշինեանի քաղաքական վարքագիծը յատկանշուեցաւ վրէժխնդրութեամբ, ամէն ինչ անցեալով արդարացնելու եւ պատրուակելու, զգայացունց եւ ամբոխավարական յայտարարութիւններով հանդէս գալու եւ անտեսելու մնացեալ քաղաքական բոլոր ուժերը:

Փաստօրէն, 2018-ին գոյութիւն ունեցող ժողովրդային էֆորիայի ներքոյ երկիրը առաջնորդուեցաւ` առանց յստակ տեսլականի, առանց ընկերատնտեսական եւ ռազմաքաղաքական հայեցակարգի: Փաստերը բազմաթիւ են թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ` սկսելով վերելակային քաղաքականութենէն, յարափոփոխ յայտարարութիւններէն, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» ականջահաճոյ, սակայն  ներկայ դրութեամբ ամբոխահաճոյ ու անհետեւանք յայտարարութիւններէն եւ միջազգային մակարդակի վրայ «մշուշոտ» քաղաքական կեցուածքներէն, հասնելով ներքին ճակատի վրայ տրուած խոստումներու հակառակ դրսեւորումներ, ինչպիսիք էին, օրինակ, կուտակայինի համակարգը, համահարթացման հարկային եւ վարկային քաղաքականութիւնը,  Ամուլսարը եւ այլն, որոնց վրայ յետադարձ երկար ակնարկ մը նետելը անհրաժեշտ չենք գտներ այստեղ:

Սակայն կարեւորութեամբ կ՛ընդգծենք ռազմաքաղաքական հայեցակարգի բացակայութեան հանգամանքը, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի այնպիսի տարածաշրջանի մը մէջ, ուր, անկախ իր ներքին բազմաթիւ եւ բազմապիսի խնդիրներէն, առկայ են միջազգային թէ շրջանային բարդ իրավիճակներ, զանազան ազդեցութեան գօտիներ, ինչպէս նաեւ շահերու բազմապիսի բախումներու առընթեր` տակաւին չկարգաւորուած զանազան ազգամիջեան բարդ հարցեր: Ասոնցմէ ամէնէն էականը եւ կենսականը, որ որքան Արցախի, նոյնքան ալ Հայաստանի Հանրապետութեան համար մահուկենաց խնդիր է, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային բանակցութիւններն են, քաղաքական ճակատագիրը եւ անվտանգութեան գօտիներու երաշխաւորման քաղաքական ու դիւանագիտական գործընթացը:

2019-ին Փաշինեանի քաղաքական վարքագիծը, ըստ էութեան, յատկանշուեցաւ մենիշխանութեամբ, աւելի սուր հատուածական, անհանդուրժողականութեան եւ այլամերժութեան դրսեւորումներով, վերջինիս կողմէ օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու զաւթման եւ լրատուամիջոցները հակակշռելու վարքագիծով ու` սահմանադրական դատարանի վրայ եւ անդամներուն դէմ շղթայազերծած քաղաքական պատերազմներով եւ  ակնյայտ ճնշումներ բանեցնելով:

Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեան մէջ մտաւ սեւերու եւ սպիտակներու ազգակործան մտածողութիւնն ու դրսեւորումը, վախի մթնոլորտը, արտայայտուելու բարդոյթը` խուսափելու համար անհեթեթ պիտակաւորումներէ, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի, եւ ըստ էութեան ամէնէն վտանգաւորը` ղարաբաղցիի եւ հայաստանցիի միջեւ ազգի դիմադրողականութիւնը փճացնող արհեստական պատ մը հիւսելով հայկական իրականութեան մէջ:

Ըստ երեւոյթին, 2020 տարեշրջանի Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրադարձութիւններու եւ զարգացումներու խորապատկերը ուրուագծուած է եւ, դժբախտաբար, անիկա շատ պիտի չտարբերի նախորդ երկու տարիները յատկանշող Հայաստանի իշխանութեանց քաղաքական վարքագիծէն: Արդարեւ, ներկայ վարչակազմը` իր նախորդ երկու տարիները յատկանշող բացասական քաղաքականութիւնը խորքային վերատեսութեան ենթարկելու փոխարէն` համագործակցելու համայն հայութեան սպառնացող խնդիրներու շուրջ` ընդդիմութեան եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն հետ, փոխանակ արձագանգելու Հայաստանի  կառավարութեան շէնքին առջեւ օրական դրութեամբ հաւաքուող քաղաքացիներու էական խնդիրներուն եւ բողոքներուն համապատասխան լուծում ապահովելու, ան իրականութեան մէջ խրած է ամբոխավարական, այլամերժութեան, փոխադարձ ամբաստանութիւններու, ձգձգուող դատաիրաւական խնդիրներու, ներքին դաւաճաններ որոնելու, վհուկներու որսը շարունակելու, ներքաղաքական դաշտը աղաւաղելու քաղաքական ժխորին մէջ:

Արդարեւ, դատելով 2020 տարեշրջանի առաջին օրերու եւ շաբաթներու Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց արձակած քաղաքական սլաքներէն, հրապարակային դրսեւորումներէն, ենթադրեալ պետական յեղաշրջման վարկածի ֆիլմաշարէն, Արման Բաբաջանեանի երկար տարիներու թաքնուած դերասանական յատկութիւններէն, մարտի 1-ի եւ 27 հոկտեմբերի նիւթերը անսպառ ձեւով շահարկումի եւ ներքաղաքական նպատակներով օգտագործուող դաւադրութեան վարկածի քաղաքականացման մօտեցումներէն, ընտանեկան սելֆիներէն եւ անհատական լայվերէն, վարչապետի հերթական ոչ համոզիչ յարձակողական չորս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսէն եւ, վերջապէս, իշխանութիւններու վերջին «գիւտը» հանդիսացող Հրայր Թովմասեանի «գրիչի» մանկական պատմութիւններէն եւ մասամբ նորին, կրնանք ըսել, որ այս բոլորը չեն յուշեր կամ չեն նախատեսեր, որ 2020-ին Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին մէջ տեղի կրնան ունենալ աւելի կառուցողական եւ բնական գործընթաց: Ափսո՜ս…

Ի դէպ, զանց կ՛առնենք վարչապետի վերջին ասուլիսին ընթացքին Դաշնակցութեան հասցէին հնչած հնամաշ եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն ժառանգուած անհեթեթ բառապաշարը եւ ապազգային գաղափարները, որոնք ի մտի ունին  ներհայաստանեան քաղաքական կեանքը մէկ կողմէ աղաւաղել է, իսկ միւս կողմէ` կարծես այդ բոլորը կը միտին ամբողջ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել էական եւ հրատապ հարցերէն եւ զբաղցնել տասներորդական խնդիրներով:

Փաստօրէն, հակառակ կապանեան վերջին ասուլիսի ընթացքին վարչապետի խօսքին, թէ որոշ միջազգային պարբերաթերթեր «դրուատիքով» կ՛արտայայտուին Հայաստանի մասին, բայց եւ այնպէս պէտք է ըսել,  որ իրականութեան մէջ երկրէն ներս ակնյայտ է որոշ անորոշութիւն, անտիրութեան, անապահովութեան եւ անվստահութեան մթնոլորտ®

Բոլորս գիտենք, որ Հայաստանի արտաքին ճակատի վրայ առկայ է աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներ, ռազմաքաղաքական սպառնալիքներ մանաւանդ` ազգային միասնականութեան եւ տուեալ վտանգները դիմակայելու ազգային ռազմավարութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

Բոլորս գիտենք, որ անկախ Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութենէն` ծաւալապաշտական նկրտումներէն, հակահայ ծայրայեղ քարոզչութենէն, տարածաշրջանին մէջ առկայ են նաեւ մէկ կողմէ ռուս-թրքական մտահոգիչ մերձեցման քաղաքականութիւնը, միւս կողմէ` թրքական գործօնի վերաշխուժացման դերակատարութիւն եւ սպառնալիք:

Թուրքիա այսօր, փաստօրէն, սուր եւ թշնամական քաղաքական կեցուածք ունի արցախեան կարգաւորման գծով: Սուրիական պատերազմին մէջ Թուրքիա ուղղակի մասնակից է զինուորական գործողութիւններով ու խախտելով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ նեցուկ կը հանդիսանայ Սուրիոյ  մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, Թուրքիա առանց վարանելու` զօրքեր կ՛ուղարկէ Լիպիա, միջամուխ է լիբանանեան վերջին դժնդակ իրադարձութիւններուն եւ խժդժութիւններուն` ըստ հաւաստի պետական աղբիւրներու եւ, վերջապէս, մտահան պէտք չէ ընել վերջերս բացայայտուած Թուրքիոյ կողմէ մշակուած Հայաստանի դէմ յարձակման գաղտնի ծրագիրը:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է Էրտողանի միջազգային շրջապտոյտները` Սենեկալ, Ալճերիա եւ այլն…

Իսկ ներքին առումով, չափազանց մտահոգիչ է օրէ օր խորացող ընկերային եւ կենցաղային էական եւ հրատապ խնդիրներու լուծման իշխանութիւններու դրսեւորած անկարողութիւնը սկսած անասնապահութեան եւ վերջերս սպանդանոցներու իրավիճակի կապակցութեամբ, սահմանամերձ շրջաններու մէջ գործող ծննդատուներու փոխան արդիականացման եւ համայնքներուն հետ գործակցութեան` իշխանութիւններուն առաջադրած  փակման մօտեցումը, կրթական ոլորտէն ներս գոյութիւն ունեցող խնդիրները` լեզուի, գրականութեան եւ այլն… առողջապահութեան ապահովագրութեան հետ կապուած խնդիրները, կազի գիներու հնարաւոր թանկացման սպառնալիքը, երկրէն ներս տիրող անվտանգութեան եւ անկայունութեան խնդիրները, կրակոցները, սպանութիւնները, ապահովական խախտումները, մէկ խօսքով` Հայաստանի Հանրապետութեան խառնաշփոթ իրավիճակները:

Ահաւասիկ, մեր համեստ կարծիքով, որոշ էական խնդիրներ, որոնք ուղղակի կ՛առնչուին Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ անկասկած ներկայ իշխանութիւններու կիզակէտը կը հանդիսանան, որոնց մասին, սակայն, կ՛արժէ ժամանակ առ ժամանակ, չորս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսներու կողքին, երբեմն գործնական քայլերով ալ հանդէս գալ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն սեփականութիւնը դարձնել:

30 յունուար 2020  

 

Նախորդը

Բանակի Օրուան Առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մէջ Պատարագ Եւ Պարգեւատուութիւն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Վերջնագիրն Ու Միակողմանի Գործարքի Եւ Խաղաղութեան Անհեթեթութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?