
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած վեց ճակատումներուն հինգին յաղթանակ արձանագրեցին հիւրընկալ կազմերը: Օքլահոմա Սիթի միակն ըլլալով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն` 103-93 արդիւնքով:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը (հինգ մրցումէ)` 108-99 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիուսթըն Ռոքեթցը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 37 կէտ, իսկ անոր խմբակից Անտրու Պայնում` 21 կէտ եւ 22 ռիպաունտ: Ռոքեթցի մարզիկներէն Քայլ Լովրի նշանակեց 22 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շարլոթ Հոռնեթց 115-101
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս 76-74
Օքլահոմա Սիթի – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 93-103
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 113-96
Եութա Ճեզ – Միլուոքի Պաքս 85-73
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 108-99
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Ճըրզի Նեթց
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շիքակօ Պուլզ
Մայեմի Հիթ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Նիւ Օրլինզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Տալաս Մավըրիքս – Ֆէոնիքս Սանզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց


