Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ միջազգային թենիսի ֆետերասիոնին, 7-8 յունուարին Մար Եուսեֆ վարժարանին մէջ (Քըրնեթ Շեհուան) տեղի պիտի ունենան թենիսի մարզիչներու դասընթացքներ:
Անոր նպատակն է միջազգային գետնի վրայ կիրարկուող օրէնքները ծանօթացնել եւ սորվեցնել, ինչպէս նաեւ փոքրերու (10 տարեկանէն վար) մարզումներու յատուկ ձեւեր սորվեցնել:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մարզումներուն հետեւիլ, պէտք է կապ հաստատեն մարզիչ Ռիշար Հաժի հետ` հեռաձայնելով 03-984885 թիւին:


