ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ընտանեկան ջերմ եւ տաքուկ մթնոլորտ մը պիտի տիրէ ձեր տան մէջ: Շատեր բարի նախանձով պիտի դիտեն ձեզ: Նիւթական ձեր պայմանները պիտի լաւանան:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Հանդարտ պէտք է մնաք որեւէ անձնական որոշում տալէ առաջ: Աշխատանքային գետնի վրայ դժուար երկընտրանքի մը դիմաց պիտի գտնուիք: Նոր ծանօթութիւններ պիտի մշակէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հաճելի եւ ուրախ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Այս շրջանին վէճերն ու վիճաբանութիւնները հեռու պիտի մնան ձեր ընտանեկան յարկէն: Ձեր յարաբերութիւնները գործատիրոջ հետ պիտի լաւանան, օգտուեցէք առիթէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր սիրելիին հետ մտերմութիւնը աւելի պիտի խորանայ: Պիտի պատրաստուիք ձեր ծրագիրը գործադրելու: Աշխատանքային ձեր նոր պայմանագիրը շահաբեր պիտի ըլլայ ձեզի համար:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հանդարտ եղէք ձեր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք եւ մի՛ թերանաք ձեր բժիշկին այցելելէ: Դրական ձեւով պիտի լուծուին ձեր բոլոր հարցերը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր հետաքրքրութիւններուն առիթ եւ ժամանակ տուէք: Յաջող ծրագիր մը պիտի մշակէք ընկերովի: Ներդրումային ծրագիրի մը պիտի մասնակցիք եւ կոկիկ գումար մը պիտի շահիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մթնոլորտը յարմար չէ վիճաբանութիւններու համար: Դրական պահեցէք ձեր մտածողութիւնը: Բարի կամեցողութիւն ունեցէք բոլորին նկատմամբ: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք ու ամէն վտանգէ հեռու մնացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Դժուարութիւններ պիտի ունենաք եւ զանոնք յաղթահարելու ամէն փորձ պիտի կատարէք: Ձեր կարծիքները պիտի փոխանակէք ձեր գործընկերներուն հետ եւ պիտի ծանօթանաք անոնց գաղափարներուն եւ մտածումներուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր անցեալի լաւ գործերուն արդիւնքը հիմա պիտի քաղէք: Մրցակիցներու ներկայութիւնը պիտի աշխուժացնէ ձեր աշխատանքը, զոր պիտի ուզէք լաւագոյն ձեւով կատարել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի վատանայ այս շրջանին: Դժուար փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Խնդիրներ պիտի ունենաք ձեր կողակիցին հետ, բայց պիտի յաջողիք բոլորը լուծել համբերութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձախող քայլեր պիտի առնէք, բայց բարեբախտաբար հնարաւորութիւն պիտի տրուի ձեզի զանոնք սրբագրել: Ձեր ծնողներու առողջութեան հոգ տարէք: Ծառայութիւն մը մատուցեցէք, որպէսզի հոգեպէս բաւարարուած զգաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նոր միտքերով պիտի օժտէք ձեր ընկերութիւնը: Ձեր մշակած ծրագիրները յաջողութեամբ պիտի իրագործուին: Բարի անակնկալ մը ձեզ պիտի ուրախացնէ: Աշխատանքային նոր փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէք: