Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (18 Յունուար 2020)

Յունուար 18, 2020
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Լուսին Պալապանեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Սարգիս Մարկոսեան (Քանատա)
Տիար Յարութ Մարկոսեան (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Մանուկեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Խաթուն Էլմաճեան եւ զաւակունք
Տիկին Աղաւնի Աղազարեան եւ զաւակունք
Տիկին Ոսկի Աղազարեան եւ զաւակունք
Վահան, Սիմոն, Գոհար, Լուսաբեր, Արշալոյս եւ Ֆլորա Աղազարեան (Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան)
Աղազարեան, Մարկոսեան եւ Էլմաճեան ընտանիքներ
Պալապանեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
Թեճիրեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Ղոսըն ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԵՂԻՍԱԲԷԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ, Քըրքխան)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 12 յունուար 2020-ին, Քալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 22 յունուար  2020-ին, «Ֆորեսթ Լոն Հոլիվուտ Հիլզ» գերեզմանատան Ռետ Չըրչին մէջ, Միացեալ Նահանգներ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Լիբանանի մէջ, հանգուցեալին մահուան եօթնօրէքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 յունուար 2020-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հանգուցեալին քրոջ` Խաթուն Էլմաճեանի բնակարանը, Ռաուտա:

————————————-

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
«2020-ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»

Կիրակի, 19 յունուար 2020, սուրբ պատարագի ընթացքին, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի «2020-ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» հայրապետական պատգամը:

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ականջալուր դառնալու վեհափառ հայրապետի մտածումներուն եւ անդրադառնալու յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներուն հանդէպ բոլորիս ցուցաբերելիք ուշադրութեան եւ հոգածութեան:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

————————————-

ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆ ԹԻՒ 157

Նիւթ`

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ
ՆԻՒԹԵՐ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԻՆ ՄԷՋ»

Դասախօս`
ԴՈԿՏ. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
(Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի
պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր)

Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի – Աքելլա (մահացած` Միացեալ Նահանգներ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 յունուար 2020-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————-

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի յիշատակէ Մարաշի աղէտին 100-ամեակը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ, կիրակի, 26 յունուար 2020-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն` յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի` Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի` ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի, ժամը 10:00-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեան «Գերմանիկ» սրահը` հոգեսուրճ առնելու եւ յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

————————————-

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

ՄԱՐԶԻԿ
38-րդ տարի, թիւ 415

«Մարզիկ»-ի այս թիւով տեսնել`

Խմբագրական – Առաջի՛ն օրէն
Հայրապետական պատգամներ ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին առիթով
ՀՄԸՄ տէրն է եւ ամբողջական պատասխանատուն իր նշանաբանին – Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Արժեհամակարգի պահակ ՀՄԸՄ-ը – Յակոբ Խաչերեան
ՀՄԸՄ-ի յաջողութեան մեծագոյն գաղտնիքը – Գառնիկ Մկրտիչեան
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը մեծ պարտականութիւն ունի մեր արժեհամակարգը նոր սերունդին ներկայացնելու- Գառնիկ Մկրտիչեան
Առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը, փոփոխութեան կ՛ենթարկուին միջոցները – Մկրտիչ Մկրտիչեան
ՀՄԸՄ-ը մեծ, անփոխարինելի դեր ունի հայ ժողովրդի կեանքում – Հարմիկ Զովելեան
Վեհ արժէքների ու դաւանանքի վրայ յենուած կուռ կազմակերպութիւն – Դաւիթ Յակոբեան
«Յարեալ վեհօրէն…» – Ստեփան Տէր Պետրոսեան
Մի՛ մտահոգուիք – Նժդեհ Մկրտիչեան
Երազի մը իրականացումը – Րաֆֆի Կէօվօղլանեան
Շաւարշ Քրիսեան միշտ կը մնայ ժամանակակից ու այժմէական – Գառնիկ Մկրտիչեան
Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան
ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր ժողովին բացումը Երեւանի մէջ
ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը ուղի կը հարթէ միութեան երկրորդ հարիւրամեակի աշխատանքներուն
Պատմութեան համար/ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովները 1918-1931, 1929-1974 եւ 1974-2019
Ոգեկոչում/ Շաւարշ Քրիսեանի դիմաքանդակի հանդիսաւոր բացում Երեւանի մէջ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան այցելութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին
Ի պատիւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի

Թիւը կ՛ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Հայաստան, Արցախ, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ): 80 էջ: 5000 լ.ո.

Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:

————————————-

ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԿԱՐԻՔ

Քուէյթի Ազգային վարժարանը կարիքը ունի վկայեալ ուսուցիչ/ուսուցչուհիներու` արաբերէնի, անգլերէնի, բնագիտութեան, քիմիագիտութեան նիւթերուն համար:

Թեկնածուները պէտք է ունենան նիւթի համապատասխան վկայական, ուսուցչական փորձառութիւն եւ հայաստանեան անցագիր:

Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ղրկել nersessarkissian@yahoo.com հասցին կամ կապուիլ 0096594477071 թիւին (whatsapp-ով):

————————————-

 

Նախորդը

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Տէր Սահակեան Եւ Մարիա Գէորգեան` Առաջին Դիրքին Վրայ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (9 Յուլիս 2025)

Յուլիս 9, 2025
Յայտարարութիւններ

Մամլոյ Արձակուրդ

Յուլիս 5, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (5 Յուլիս 2025)

Յուլիս 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?