Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուէլ Գրիգորեան Ստորագրութեամբ Ազատ Արձակուեցաւ

Յունուար 16, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրապահ կամաւորականներու միութեան (ԵԿՄ) նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոց կալանքը փոխուեցաւ: Դատարանին որոշումով, ան ստորագրութեամբ ազատ արձակուեցաւ` երկրէն չհեռանալու պայմանով:

Հայաստանի դատախազութեան նախաձեռնութեամբ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, 15 յունուարին Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոցի փոփոխման վերաբերեալ արտակարգ դատական նիստ գումարուեցաւ:

Նիստին հրաւիրուած միջգերատեսչական փորձագիտական յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ըսաւ, որ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծանր է, եւ անոր կալանքը համատեղելի չէ առողջական վիճակին հետ: Մ. Գրիգորեանի առողջական վիճակին վերաբերեալ նախապէս ստեղծուած յանձնախումբը եզրակացուցած էր, որ Գրիգորեանի կալանքը համատեղելի է առողջական վիճակին հետ:

Դատախազութիւնը միջնորդեց` հաշուի առնելով «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն ստացուած Գրիգորեանի առողջական վիճակին վերաբերեալ գրութիւնը` անոր խափանման միջոց կալանքը փոխելու:

Մանուէլ Գրիգորեան կը մեղադրուի ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամի գոյք իւրացնելու, աւելի քան 1 միլիառ դրամի հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան 1 միլիառ դրամ վատնելու եւ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւն կազմակերպելու յանցանքով: Անոր պահեստանոցներէն գտնուեցան նաեւ «Զինուորի բաժին» արձանագրութեամբ սնունդ, դեղորայք, զինուորական տարազներ, առարկաներ, որոնք պէտք է ուղարկուէին Արցախ` քառօրեայ պատերազմ մղող զինուորներուն, սակայն մնացած են իր մօտ:

 

Նախորդը

Էրտողան Ընդունած Է Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքը

Յաջորդը

Յովհաննէս Քաջազնունի. Ազգային Եւ Պետական Մտածելակերպի Տէր Գործիչը

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?