ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
«2020-ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»
Կիրակի, 19 յունուար 2020, սուրբ պատարագի ընթացքին, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի «2020-ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» հայրապետական պատգամը:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ականջալուր դառնալու վեհափառ հայրապետի մտածումներուն եւ անդրադառնալու յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներուն հանդէպ բոլորիս ցուցաբերելիք ուշադրութեան եւ հոգածութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ
Ամանորեան բարի մաղթանքներով` Երուանդ Հ. Քասունի
«Ազդակ»-ին` 100.000 լ. ո.
«Արարատ»-ին` 100.000 լ. ո.
«Զարթօնք»-ին` 100.000 լ. ո.
————————————-
ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԿԱՐԻՔ
Քուէյթի Ազգային վարժարանը կարիքը ունի վկայեալ ուսուցիչ/ուսուցչուհիներու` արաբերէնի, անգլերէնի, բնագիտութեան, քիմիագիտութեան նիւթերուն համար:
Թեկնածուները պէտք է ունենան նիւթի համապատասխան վկայական, ուսուցչական փորձառութիւն եւ հայաստանեան անցագիր:
Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ղրկել [email protected] հասցին կամ կապուիլ 0096594477071 թիւին (whatsapp-ով):
————————————-