ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Աղաւնի Առաքելեան եւ դստերք` Անի եւ Կարին
Տէր եւ տիկին Արթաքէ եւ Մարիամ
Տիկին Սօսի Չոլոյեան-Առաքելեան եւ զաւակը` Արամ Չոլոյեան
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Վարդուկ Ճերահեան եւ դստերք` Վանէ եւ Կասիա
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Վերժին Չոլոյեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Առաքելեան
Տէր եւ տիկին Պենժամէն եւ Ցոլեր Սլէյման
Տեարք Յակոբ եւ Ռաֆֆի Ֆստըգճեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Արփինէ Սանդուրեան
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Սոնա Քուրշունեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Վարդուկ Տէմիրճեան
Ճուլֆայեան, Պասմաճեան, Պորոյեան, Թորոսեան, Դարբինեան, Տէմիրճեան, Փարթամեան, Պչաքճեան, Սլէյման, Ապի Ապպուտ եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօրը, մեծ մօրը եւ հարազատին`
ԱՆՈՒԿ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ, 1934-ին)
Մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 13 Յունուար 2020-ի վաղ առաւօտեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ նոյն օրը` յետմիջօրէին` ժամը 3-ին, Սրբոց քառասնից մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ-Համուտի ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անի Թիւթիւնճեան եւ զաւակունք
Օրդ. Հերմինէ եւ տիար Ստեփան Կէպէնլեան
Րաֆֆի եւ Յակոբ Արապեան
Տէր եւ տիկին Դաւիթ Մանուկեան եւ զաւակունք
Կէպէնլեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
Ճանճանեան եւ Քիրիաքօ ընտանիքներ
Հատտատ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ԿԷՊԷՆԼԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 12 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 13 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցա Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին երեքշաբթի, 14 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել ՔԱՀԼ-ի հայ ծերանոցին:
————————————-
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
«2020-ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»
Կիրակի, 19 յունուար 2020, սուրբ պատարագի ընթացքին, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի «2020-ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» հայրապետական պատգամը:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ականջալուր դառնալու վեհափառ հայրապետի մտածումներուն եւ անդրադառնալու յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներուն հանդէպ բոլորիս ցուցաբերելիք ուշադրութեան եւ հոգածութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԿԱՐԻՔ
Քուէյթի Ազգային վարժարանը կարիքը ունի վկայեալ ուսուցիչ/ուսուցչուհիներու` արաբերէնի, անգլերէնի, բնագիտութեան, քիմիագիտութեան նիւթերուն համար:
Թեկնածուները պէտք է ունենան նիւթի համապատասխան վկայական, ուսուցչական փորձառութիւն եւ հայաստանեան անցագիր:
Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ղրկել nersessarkissian@yahoo.com հասցին կամ կապուիլ 0096594477071 թիւին (whatsapp-ով):
————————————-