Զօրակիցներու Բանակը, Գործակիցներ
Հ.- Ճիշդ հասկցա՞նք, որ այս ամբողջ աշխատանքը կը կատարուի նուազ քան 100 գործողներու միջոցով:
Ս. Տ.- Ձեւով մը` այո՛, սակայն մի՛ անտեսէք, չենք կրնար մոռնալ մեր հսկայական բանակը, որ կազմուած է մեր ժողովուրդի հարիւր հազարաւոր զօրակիցներով: Մեր ժողովուրդը` իր բոլոր հոսանքներով, յարանուանութիւններով ու տարբեր տարիքի անդամներով, մեր կողքին է միշտ: Երբ որոշ աշխատանքի լծուած ենք, տասնեակ հազարաւորներ կ՛ընդառաջեն մեր կոչերուն, կամաւորներ ձեռք կ՛երկարեն մեզի, նամակներով ու ել-նամակներով կը մասնակիցին մեր աշխատանքներուն: Չմոռնանք նաեւ նոյն խրամատներուն մէջ գործող հայկական այլ միաւորներ ու կազմակերպութիւններ, որոնց ճիգերը արհամարհելի չեն, բոլորիս ձեռքերը կը միանան իրարու:
Շեշտեմ. Հայ դատի գործը հատուածական կամ մասնակի գործ չէ, այլ կը կատարուի ի խնդիր մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու մեր հաւաքական իրաւունքներուն: Երբ Հայ դատի յանձնախումբը յաջողութիւն մը արձանագրէ, անիկա ամբողջ հայութեան համար յաջողութիւն է: Այս իրականութիւնը մենք գործնապէս տեսանք, երբ ամբողջ հայութիւնը բոլոր մակարդակներով ողջունեց այս յաղթանակը:
Հ.- Հայութենէ դուրս գործակիցնե՞ր…
Ս. Տ.- Բնականաբար ունինք ճակատագրակից ժողովուրդներու զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը, եւ` փոխադարձաբար: Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանական ոճիրներու զոհ գացած են յոյներ, ասորիներ, կիպրացիներ, քիւրտեր եւ այլն: Քանի մը տարի առաջ կազմուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպան խմբակը: Իւրայատուկ պարագայ մըն ալ յիշեմ: Ամերիկեան բանակի նախկին զինուորականներ, որոնք Միջին Արեւելք գործուղուած են ու ականատես եղած են իսլամ ծայրայեղականներու դէմ քիւրտերու մղած պատերազմներուն` ամերիկեան բանակին կողքին, հիմա ձեւով մը դաւաճանութեան զոհ կը նկատեն քիւրտերը եւ բացասական տրամադրութեամբ կը դիտեն քիւրտերուն հանդէպ Թուրքիոյ վարմունքը:
Մեր կողքին ունինք նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, ոչ կառավարական միաւորներ եւ այլ, որոնք զօրակից են մեր արդար Դատին:
Թրքական Հակազդեցութիւնը
Հ.- Խօսինք նաեւ թրքական հակազդեցութեան մասին, որ, ինչպէս միշտ` նման պայմաններու մէջ, եղաւ ջղագարութեան դրսեւորում, սպառնալիքներ ուղղուեցան Միացեալ Նահանգներուն եւ այլ դաշնակիցներու…
Ս. Տ.- Թրքական հակազդեցութիւնը նորութիւն չէ մեզի համար: Ամէն անգամ որ երկիր մը, ժողովուրդին ներկայացուցիչը եղող խորհրդարան մը, կառավարութիւն մը կը կանգնի արդարութեան կողքին, Թուրքիոյ պետական վարիչները ծայրայեղական դրսեւորումներ կ՛ունենան, կը խօսին սպառնալիքներու լեզուով: Ասոր դիմաց աշխարհը կը տեսնէ, որ այսօ՛ր ալ ցեղասպանական արարքներ տեղի կ՛ունենան, հետեւաբար նման արարքներու հանդէպ հայեցակէտի որոշ փոփոխութիւններ կ՛արձանագրուին. այս բոլորը նպաստ կը բերեն մեզի:
Կայ նաեւ այլ գիծ մը, որուն կ՛անդրադառնան Միացեալ Նահանգներ ու արեւմուտքցի այլ դաշնակիցներ: Չէ մոռցուած, որ Թուրքիա անցեալ դարու 20-ական տարիներէն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի սկզբնական օրերը դաշնակից-գործակից էր համայնավար կայսրութեան, յետոյ, որոշ օգտակարութիւն ունեցաւ նացիներուն: Բ. Աշխարհամարտի աւարտին Ռուսիա` այդ օրերու Խորհրդային Միութիւնը, պատժական տրամադրութիւններ ունէր Թուրքիոյ հանդէպ. Կարս-Արտահանի եւ նեղուցներու հարցին պատմութիւնը ծանօթ է: Պատերազմին աւարտէն ետք Թուրքիոյ հակազդեցութիւններէն մէկն էր ՕԹԱՆ-ին անդամակցիլը, որպէսզի մտնէ Արեւմուտքի պաշտպանութեան հովանոցին տակ եւ ձերբազատի, ի միջի այլոց, Կարսն ու Արտահանը զիջելու ընտրանքէն:
Այսօր Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի ամէնէն հզօր անդամներէն մէկն է ու ամերիկեան զինուորական կարողութիւններուն իմաստով` կարեւոր յենակէտ մը: Թուրքիոյ մէջ հաստատուած է ամերիկեան հիւլէական զէնքերու երկրորդ մեծագոյն պահեստը: Նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ մտավախութիւններ կը զարգանան, որ Թուրքիա կրնայ տիրանալ այդ ռումբերուն: Սա սպառնալիք կրնայ ըլլալ նաեւ Հայաստանին:
Յաջորդ Քայլերը` Դէպի Ո՞ւր
Հ.- Եթէ նայինք դէպի ապագայ, թիւ 296 եւ 150 բանաձեւերուն որդեգրումէն ետք մեր օրակարգը ի՞նչ ուղղութիւն կը ստանայ: Այս բանաձեւերը ի՞նչ դաշտեր կը բանան:
Ս. Տ.- Առաջին հերթին պէտք է աշխատինք, որպէսզի նախագահն ու գործադիրը ձայնակցին ամերիկեան խորհրդարանին: Պէտք է վերջ գտնէ «Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը, եւ ոճիրը կոչուի իր իսկական անունով. Ցեղասպանութիւն:
Այս որոշումները մեր ձեռքերը աւելի ազատ կը դարձնեն ու կը զօրացնեն, որպէսզի իրաւական ու Ցեղասպանութեան ծանօթացման աշխատանքները տարածենք դէպի նոր դաշտեր: Օրինակի համար, Թուրքիոյ հետ գործակցական կապերը կրնանք սեղմումներու ենթարկել: Արդէն այդ ուղղութեամբ աշխատած ենք եւ որոշ յաջողութիւններ` ձեռք բերած, սակայն ասկէ ետք այս բանաձեւերը աւելի լայն յենարան կը տրամադրեն մեզի:
Բնականաբար ամէնէն կարեւոր թիրախը Թուրքիան է, որուն շուրջ օղակը պիտի կարենանք աւելի՛ եւս սեղմել: Ծանօթ է, որ մեր աշխատանքներուն եւ գործակից-զօրակիցներուն շնորհիւ` յաջողած ենք խզումներ ու դանդաղեցումներ ստեղծել Թուրքիոյ հետ առեւտրական ու տնտեսական գործակցութեան մարզերու մէջ: Այս գետնի վրայ եւս նորագոյն բանաձեւերը մեզի նոր յենարան կը տրամադրեն:
Այս ու նման բանաձեւեր նաեւ կը նպաստեն, որ Թուրքիոյ դէմ դատեր բանանք միջազգային ատեաններու մէջ. ամերիկեան, եւրոպական թէ այլ դատարաններու մէջ. դատեր, որոնք հետապնդեն անհատական ու հաւաքական կորուստներու վերականգնումը, հատուցումը:
Հ.- Կրնա՞ք մանրամասնել:
Ս. Տ.- Անհատական գետնի վրայ` անհատ հայերու ունեցած կորուստներուն հետապնդումը, կալուածներ, ստացուածքներ եւ այլն: Սա նորութիւն չէ, սակայն յաւելեալ թափ կրնայ ստանալ: Նմանապէս` հաւաքական իրաւունքներ. ունեցած ենք դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ազգապատկան կալուածներ, որոնք խլուած են ու կրնան դատական հետապնդումներու դաշտեր ստեղծել: Հոս ալ նպաստաւոր նախընթացներ ունինք: Շուրջ հինգ տարի առաջ այս երկրին մէջ որդեգրուեցաւ օրէնք մը, որ Թուրքիայէն կը պահանջէ փոքրամասնութիւններէ բռնագրաւուած կալուածներ, եկեղեցիներ վերադարձնել սկզբնական տէրերուն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը հարկադրուեցաւ քանի մը տասնեակ եկեղեցիներ վերադարձնելու, սակայն ատիկա միայն սկիզբն է:
Հ.- Մեր ընդհանրական Դատը միայն եկեղեցիի եւ համայնքապատկան կալուածի հարց չէ, այլ կայ գրաւուած հայրենիքի՛ն հարցը…
Ս. Տ.- Ճիշդ է: Սակայն հոն արդէն պէտք է խօսիլ պետական աշխատանքի դաշտին մասին: Հայ դատի յանձնախումբը իրաւասու չէ միջազգային իրաւական ատեաններու դիմելու` բռնագրաւուած Հայաստանի վերատիրացման նպատակով: Ատիկա միջազգային հարց է, միջպետական: Նման դատ կրնայ հետապնդել պետութիւն մը, այսինքն Հայաստանի պետութիւնը` միջազգային մակարդակի վրայ: Կը յուսանք, որ այս յաղթանակները մեր հայրենի պետութեան ալ ենթահող հայթայթեն, միջազգային ատեաններու մէջ Թուրքիոյ դէմ դատ բանալու եւ իրաւունք հետպանդելու համար: Հայաստան ՄԱԿ-ի անդամ է, Հայ դատի յանձնախումբը կրնայ անվերապահօրէն զօրակցիլ նման դատի մը:
Հայաստան ցարդ առաւելաբար իր դիմաց ունի ապահովութեան հարց: Գիտենք` շրջապատուած ենք թշնամիներով, որոնք ամէն ճիգ կ՛ընեն մեզ խեղդելու համար: Կը տեսնենք նաեւ, թէ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից Թուրքիան ինչպէ՛ս կը գործածէ իր խաղաքարտերը եւ մօտիկութիւն կը խաղայ Ռուսիոյ հետ, որ որոշ մտահոգութիւն կը պատճառէ նաեւ մեզի:
Հ.- Մեր մէջ նման զարգացումներ երբեմն կը ստեղծեն անյուսութեան տրամադրութիւններ: Մտածում կը զարգանայ, որ նման բանաձեւեր ձեւական են, մեր Դատը շատ մեծ պատնէշներու դիմաց կը կանգնի եւ անյաղթահարելի դժուարութիւններ ունինք մեր ճամբուն վրայ: Պէ՞տք է ստորագնահատենք մեր յաղթանակները եւ անկարելի սեպենք մեր Դատին կենսագործումը:
Ս. Տ.- Մեր աշխատանքները երբեք դիւրին չեն եղած: Միշտ աշխատած ենք հոսանքին դէմ: Եթէ այս բանաձեւերուն որդեգրումը կարեւոր իրագործում է, պէտք չէ մոռնանք կամ անտեսենք այլ իրագործումներ եւս: Յիշեցնեմ քանի մը օրինակ. քանի մը տարի առաջ ամերիկեան կառավարութիւնը միջինարեւելեան դէպքերու լոյսին տակ հրապարակեց երկիրներու ցանկ մը, որոնք «իսլամական» էին եւ կը նկատուէին ծայրայեղականներու նպաստող երկիրներ: Այդ ցուցակին մէջ, չես գիտեր` ինչպէ՛ս, արձանագրուած էր նաեւ Հայաստանի անունը: Մեր արագ աշխատանքին եւ բարեկամներուն մօտ միջամտութեան շնորհիւ երեք օր ետք Հայաստանի անունը դուրս բերուեցաւ այդ ցանկէ: Նմանապէս յաջողութիւններ իրագործուած են Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ յատկացումներու ոլորտին մէջ: Քանի մը տարի առաջ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուէին իրենց ժամանակավրէպ դարձած կարգ մը զէնքերը, մասնաւորաբար ծովուժին պատկանող նաւեր նուէր տալ Թուրքիոյ, իբր թէ Իրաքի ու Իրանի դէմ անոր պաշտպանողականը զօրացնելու համար: Մեր բարեկամներէն Պրետ Շըրմընն էր, որ յիշեցուց, թէ Թուրքիա ծովային սահման չունի Իրաքի ու Իրանի հետ: Նուէրը չիրականացաւ:
Մեր յաջողութիւններուն շարքին էին այն արգելակումները, որոնց ենթարկուեցան Ազրպէյճանին ամերիկեան զէնքի վաճառքը` ամբողջ 9 տարի: Յաջողութիւններ արձանագրած ենք Արցախի ի նպաստ բանաձեւերու որդեգրման մէջ: Հայ դատը կը նպաստէ, որ զինուորին կողմէ շահուածը պահպանուի: Այս բոլորը կը նշանակեն, որ Հայ դատ ըսելով` միայն Ցեղասպանութեան ճանաչում չենք հասկնար, իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն առաջին քայլն է:
Ինչ կը վերաբերի մեր Դատի վախճանական յաջողութեան, այսինքն` մեր հողային եւ այլ իրաւունքներու վերականգնումին, կրնամ մէկ բան ըսել. մենք 100 առ հարիւր կարելիութիւնը ունինք վերատիրանալու մեր բոլոր իրաւունքներուն, այնքան ատեն որ համոզուած ենք, թէ արդար դատ մը ունինք եւ չենք հրաժարիր անոր տէր կանգնելէ: Հաւանաբար մտածենք, որ այդ իրագործումը այսօր-վաղը կրնայ չիրականանալ, սակայն ապագային անպայման որ իրականանալի է. եթէ մենք չհասնինք հոն, մեր զաւակները, յառաջիկայ սերունդները պիտի հասնին հոն: Քանի մը տասնեակ տարի առաջ անկարելի նկատուած շատ բան այսօր իրականացած է, կը մնայ, որ տեսնենք, համոզուինք եւ նոր սերունդներն ալ աշխատանքի լծենք նոյն կամքով:
Այս դաշտին մէջ Հայաստանն ալ անշուշտ ունի ի՛ր դերն ու բաժինը, թէեւ ընդհանրապէս կ՛ըսուի, որ մեր Դատը հիմնականին մէջ սփիւռքի հայութեան կը վերաբերի, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայութիւնն էր, որ ցեղասպանութեան մատնուեցաւ ու անոր հողերը խլուեցան, սակայն մեր Դատը ամբողջ հայութեան դատն է, ինչպէս որ այսօրուան Հայաստանը ամբողջ հայութեան հայրենիքն է, Արցախի դատը նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան դատն է:
Քիչ առաջ ըսի. Հայաստանը այսօր շրջապատուած է թշնամիներով ու ապահով չի զգար: Այս վիճակը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ մեր թշնամիները չեն ընդունիր իրենց գործած ոճիրը, չեն մտածեր սխալները սրբագրելու մասին:
Ակնարկեցի նաեւ, որ յաջորդ փուլին կրնանք Թուրքիոյ դէմ դատական հարցեր յարուցել: Նման աշխատանք բնականաբար նեղ կացութեան պիտի մատնէ Թուրքիան, որ ինքզինք պիտի գտնէ աւելի ծանր` անբնական վիճակի մէջ: Թուրքիոյ համար ալ նպաստաւոր է դուրս գալ անբնական վիճակէն, ձեւեր որոնել դրացիներուն հետ հաշտ գոյակցութեան եւ խաղաղ վիճակ ստեղծելու: Ըսել կ՛ուզեմ, որ հարցերը պէտք չէ դիտենք միայն հայկական դժուարութեանց անկիւնէն, այլ նաեւ տեսնել, որ Թուրքիա եւս կրնայ նեղ կացութեան մատնուիլ, եւ մենք կրնանք գործակիցներու հետ ծանրացնել նման նեղ վիճակներ: Այսօրուան դրութեամբ, Թուրքիա արդարութեան ուղղութեամբ քայլ առնելու մասին չի կրնար մտածել նա՛եւ այն պատճառով որ բազմատասնեակ տարիներու իր քաղաքականութեան, ներքին քարոզչութեան եւ սուտ դաստիարակութեան պատճառով նման քայլ մը իշխանութեան դէմ պիտի հանէ ժողովուրդը…
Երկար ժամանակի վրայ, Թուրքիա պիտի հասկնայ, պէ՛տք է հասկնայ, որ չի կրնար ընդմիշտ խաղաղ ու բնական պայմաններու հասնիլ` ուրիշներէ իր խլածներուն վրայ «նստած մնալով»: Այս իմաստով, մենք առանձին չենք, մեր կողքին ունինք յոյները, կիպրացիները եւ այլ դրացիներ: Հետեւաբար, դատական հետապնդումներով պէտք է Թուրքիան պաշարումի ենթարկել ամերիկեան, եւրոպական ու միջազգային ատեաններու մէջ: Արդէն կը խօսինք աշխատանքի շատ ընդարձակ եւ մասնագիտական դաշտերու մասին, որոնց սկիզբին կանգնած ենք:
Այս բոլորով ըսել չեմ ուզեր, որ մեր տեսադաշտէն պէտք է ամբողջովին դուրս ձգենք աննպաստ հաւանականութիւնները: Այսօրուան աշխարհին մէջ, պետական շահերու, մրցակցութիւններու եւ գործակցութիւններու կողքին, չենք կրնար անտեսել այդ պետութիւններուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող գործարար մեծ ընկերութիւնները, որոնք երբեմն սահմաններ չեն ճանչնար:
Վերջացնելու համար ըսեմ, որ նորագոյն պատմութեան մէջ այս իմաստով նախընթացներ կան միջազգային բեմին վրայ: Հարաւային Ափրիկէի պարագան ամէնէն պարզ օրինակներէն մէկն է, եւ այսօր գիտենք, թէ ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարին վախճանը ի՛նչ եղաւ: Անշուշտ սա բաղդատելու մօտեցումով չեմ ըսեր, որովհետեւ որեւէ դատ կարելի չէ բաղդատել այլ դատերու հետ եւ հետեւութիւններ հանել. այլ ըսել կ՛ուզեմ, որ մեր իւրաքանչիւր իրագործումէ ետք նոր սորվելիքներ ունինք:
Չմոռնանք, որ Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ետք էր, որ մեր առաջին քայլերը առինք մեր Դատը միջազգային շրջանակներու մէջ օրինական եւ իրաւական միջոցներով հետապնդելու համար: Անկախութեան կորուստէն ետք, թէեւ միջազգային բեմէն բոլորովին չէինք հեռացած, սակայն պարտադրաբար որոշ մեկուսացումի մատնուած էինք` պետական յենարանէ զրկուած ըլլալով: 50-ամեակէն ասդին բաւական ճամբայ կտրած ենք, դեռ բաւական ճամբայ ալ ունինք մեր առջեւ: Այդ ճամբան պիտի շարունակենք` առանց վհատելու, ո՛չ ալ պիտի յուսալքուինք, եթէ մեր կամքէն անկախ` ակամայ նահանջներու մատնուինք:
(Շար. 2 եւ վերջ)