Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Պէտք Է Վերջ Տալ Լիպիոյ Մէջ Արտաքին Միջամտութիւններուն» Կ՛ըսէ Սիսի

Դեկտեմբեր 31, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է վերջ տալ Լիպիոյ մէջ արտաքին ոչ օրինական միջամտութիւններուն:

Եգիպտոսի նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու կողմերը համաձայնած են աշխուժացնել երկկողմանի եւ միջազգային գործընկերներու հետ Լիպիոյ մէջ վատ կացութիւնը լուծելու ջանքերը:

Սիսի վերահաստատած է Լիպիոյ հարցին վերաբերեալ Եգիպտոսի դիրքորոշումին հիմերը` Լիպիոյ մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան վերականգնումը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերուն աջակցութիւնը, զինեալ խմբաւորումներու գործունէութեան արգելակումը, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ մէջ կացութիւնը վատթարացնող միջազգային անօրինական միջամտութիւններուն վերջ տալը:

Մաքրոն իր կարգին յայտնած է, թէ Ֆրանսա Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծումի կը ձգտի:

Երկու երկիրներու նախագահները նաեւ անդրադարձած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցերու եւ արտայայտած երկու երկիրներուն միջեւ «իւրայատուկ յարաբերութիւնները» յառաջ մղելու եւ զարգացնելու համար աշխատելու իրենց կամքը:

Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը նախագահ Սիսիի հինգշաբթի օրուընէ ի վեր Լիպիոյ հարցին շուրջ երկիրներու ղեկավարներուն հետ կատարած 4-րդ հաղորդակցութիւնն էր: Ան նախապէս Լիպիոյ հարցին շուրջ խօսած էր Իտալիոյ վարչապետ Ժուզեփէ Քոնթիի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի իր իտալացի պաշտօնակից Լուիճի Տի Մայոյի հետ քննարկած է Լիպիոյ մէջ կացութեան զարգացումները:

Երկու նախարարները յայտնած են, որ իրենց երկիրները կը մերժեն Լիպիոյ տագնապին մէջ շարունակուող արտաքին միջամտութիւնները, որոնք կը խանգարեն տագնապի բոլոր երեսներուն Պերլինի քաղաքական հոլովոյթի ծիրին մէջ կարգաւորող քաղաքական լուծումի մը գոյացման:

Երկու երկիրներու դիւանագիտութիւններու պետերը նաեւ կարեւոր նկատած են Լիպիոյ մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան վերականգնման համար ջանքերու աշխուժացումը:

Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը
Դէմ Է Լիպիա Թրքական Զօրք Ուղարկելուն

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Էօնալ Ջեւիքկէօզ յայտնեց, որ իրենք ժխտական կեցուածք ունին Լիպիա թրքական ուժեր ուղարկելու լիազօրութիւն ստանալու համար Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուելիք դիմումին նկատմամբ` շեշտելով. «Լիպիա (թուրք) զինուորներ ուղարկելը պատճառ պիտի դառնայ շրջանին մէջ լարուածութեան մագլցումին եւ տագնապներու ծիրի ընդլայնման, այնպիսի պահու մը, երբ պէտք է արագացնել Լիպիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթի վերականգնման համար Պերլինի հոլովոյթը»:

«Թուրքիան պէտք է նախ եւ առաջ կարեւորութիւն ընծայէ դիւանագիտական աշխատանքին` կանխարգիլելու համար Լիպիոյ մէջ իսլամներու արեան հեղումը», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք բացարձակապէս չենք ընդունիր, որ Թուրքիան Լիպիոյ մէջ մղուող անուղղակի պատերազմներուն մէջ կողմ ըլլայ, երկու կողմերէն մէկուն կողմը ըլլայ եւ պատճառ դառնայ իսլամներու արեան հեղման»:

Ան զգուշացուց, որ Թուրքիան կրնայ ինչպէս Սուրիայէն, այնպէս ալ Լիպիայէն եկող գաղթականներու ալիք մը դիմագրաւել, եթէ Լիպիոյ մէջ տագնապին տեւողութիւնը երկարի:

Չեւիքկէօզ յայտնեց, որ իրենք ժխտական կեցուածք ունին Լիպիա թրքական ուժեր ուղարկելու լիազօրութիւն ստանալու համար Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուելիք դիմումին նկատմամբ:

 

Նախորդը

«Ամէն Ինչ Նոր Կը Դարձնեմ…». Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

Յաջորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` Թիրախ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?