Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՊԱ) հրապարակեց անունները շարք մը իրաւարարներու, որոնք մարտ 2020-ին պիտի սուլեն աղջկանց պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին:
Այդ մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, խումբերը պիտի ապահովեն Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը:
Այդ իրաւարարներուն կարգին է նաեւ լիբանանցի փորձառու իրաւարար Ռապահ Նըժէյմ, որ կը նկատուի ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ Ասիոյ լաւագոյն իրաւարարներէն մէկը: