Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի խումբերէն Պէյրութի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մութթահետ Թրիփոլիի մարզիչ Մարուան Խալիլ պիտի ըլլայ խումբին մարզիչը յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին համար միայն:
Ներկայ հանգրուանին Պէյրութ առանց մարզիչի է` նկատի ունենալով, որ անոր մարզիչը` սերպ Միոտրակ Փերիսիչ, Լիբանանէն դուրս է, երկրին մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով: