Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արմէն Մելիքբէկեան երէկ ընտրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նոր նախագահ: Փակ, գաղտնի քուէարկութեան ընթացքին, ան ստացաւ 13 ձայն:
Վանաձորի Լոռի ակումբի նախագահ Թովմաս Գրիգորեան ստացաւ 7 ձայն, իսկ 3 քուէաթերթիկ նկատուեցաւ անվաւեր:
«Շնորհակալ եմ բոլորին` իմ օգտիս քուէարկածներուն եւ չքուէարկածներուն: Այսօր հայկական ֆութպոլին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, երկար տարիներ ետք տեղի ունեցան մրցակցային ընտրութիւն: Յառաջիկային այն, ինչ որ պիտի կատարենք, անոնք բոլորն ալ պիտի ըլլան թափանցիկ: Պիտի ընենք մեր առաւելագոյնը, որպէսզի արդարացնենք բոլորին ակնկալիքները», ըսաւ Մելիքբէկեան` իր ընտրութենէն ետք:
Անոր արտասանած շնորհակալական այս խօսքին ընթացքին, պարտուած թեկնածու Թովմաս Գրիգորեան լքեց սրահը:
Նախքան ընտրութիւններուն տեղի ունենալը, ֆետերասիոնը հաստատեց 9 հասարակական կազմակերպութիւններու կասեցման որոշումին մասին:
Ինչ կը վերաբերի գործադիր կոմիտէի ընտրութիւններուն, 24 թեկնածու ներկայացած անձերէն հետեւեալ 16-ը ընտրուեցան անդամներ` ապահովելով 12 ձայն եւ աւելի. Բագրատ Նավոյեան, Աննա Թադէոսեան, Արէն Մկրտչեան, Յասմիկ Ղարիբեան, Հրաչ Եագան, Հրաչիկ Աղաբէկեան, Գագիկ Աղբալեան, Պօղոս Գալստեան, Կիմ Առաքելեան, Տիգրան Յակոբեան, Հայկ Ղազարեան, Արմէն Նիկողոսեան, Կարէն Շաբոյեան, Արմէն Շահգելդեան, Արթուր Սահակեան եւ Ալպերթ Սարգսեան:
Արմէն Նիկողոսեան ընտրուեցաւ ընդհանուր քարտուղար: