Գերմանացի Հանս Տիեթըր Ֆլիք մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի մնայ Պայէրն Միւնիխի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց անոր ակումբին` Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
54 տարեկան Ֆլիք Պայէրն Միւնիխի նախկին գլխաւոր մարզիչ խրուաթ Նիքօ Քովաչի օգնականն էր: Անոր պաշտօնազրկումէն ետք, ան ստանձնեց գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պաշտօնը:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 19-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն կը մրցի Հերթա Պերլինի դէմ (19 յունուար 2020):