ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Տօնական օրերուն առիթով խաչաձեւումներէ խուսափելու համար, երեքշաբթի գիշերներու Ս. պատարագի մատուցումը պիտի դադրեցնենք 24 եւ 31 դեկտեմբեր 2019-ին եւ 7 յունուար 2020-ին:
Ս. պատարագի մատուցումը պիտի վերսկսինք երեքշաբթի 14 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-8:00, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հայրապետական սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Յաւարտ սուրբ պատարագին, հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի եկեղեցւոյ մէջ, իսկ այնուհետեւ շնորհաւորութիւնները պիտի շարունակէ ընդունիլ պատրիարքարանին մէջ, Էշրեֆիէ`
Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր, ժամը 16:00-19:00
Հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր, ժամը 10:00-13:00 եւ 16:00-19:00
ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ