Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ինթեր Միլան 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ճենովան, Եուվենթուսէն խլեց պարագլուխի դիրքը` օգտուելով իր ունեցած աւելի լաւ կոլէվըրէյճէն:
Անոնք երկուքն ալ այժմ ունին 42-ական կէտ:
Աւելի քան 57 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ռոմելու Լուքաքու նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը (31-րդ եւ 71-րդ):
Ճենովա, որ ցարդ արձանագրած է միայն 2 յաղթանակ, 11 կէտով կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:
ՍՓԱԼ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Թորինոյին, վերջին դիրքէն բարձրացաւ նախավերջին դիրք:



