16 դեկտեմբեր 2019-ին կեանքէն հեռացաւ բանաստեղծ, արձակագիր, երգիչ-երգահան Վահրամ Թաթիկեան: Ան ծնած է 14 նոյեմբեր 1949-ին` Երեւան, մտաւորականներու ընտանիքի մէջ: Ան արձակագիր Շահէն Թաթիկեանի եւ արձակագիր, լրագրող Շաքէ Վարսեանի որդին է:
Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան հիմնարկի հնագիտութեան բաժինը` մասնագիտանալով հայ արուեստի պատմութեան մէջ:
1974 թուականէն կ՛աշխատի Հայաստանի հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ՀՀ ԳԱԱ) արուեստի հիմնարկին մէջ: Գորգագիտութեան նուիրուած բազմաթիւ գիտական յօդուածներու եւ հրապարակումներու հեղինակ է, ինչպէս նաեւ աւելի քան քսան գորգերու էսքիզներու, որոնք գործուած ու պահուած են տարբեր հաւաքածոներու մէջ: Հեղինակած է նաեւ հարիւրաւոր երգեր ու տարբեր լուսանկարներ:
1977 թուականին դարձած է Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ) անդամ:
Վահրամ Թաթիկեան 1988 թուականին մասնակցած է արցախեան շարժման: 1981 թուականին հրատարակուած են անոր «Հայկական գորգարուեստ» եւ «Քառասուն երգ կամ երկու համերգ ձեզ համար» գիրքերը: