Նախորդ շաբաթավերջին «Լանքասթըր-Թամեր» պանդոկին մէջ (Պէյրութ), Միջերկրականեան երկիրներու փինկ փոնկի ֆետերասիոնը գումարեց ժողով` մասնակցութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան:
Ֆետերասիոնը կ՛ընդգրկէ 26 քաղաքներ` Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Ափրիկէէն:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր (1968), անիկա առաջին անգամ ըլլալով ժողով մը գումարէ Լիբանանի մէջ:
Այս ժողովին Լիբանանէն մասնակցեցան Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քուփալի եւ գանձապահ Ուաէլ Նուրէտտին:
Քննարկուեցան շարք մը հարցեր` յառաջիկայ տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու վերաբերեալ:


