Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Քննադատած Է Այս Տարուան Գրականութեան Նոպելեան Մրցանակի` Պոսնիոյ Ցեղասպանութիւնը Չճանչցող Հանքէին Յանձնումը

December 11, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 10 դեկտեմբերին Մարդու իրաւունքներու օրուան առիթով իր խօսքին մէջ քննադատած է այդ օրը գրականութեան Նոպելեան մրցանակի յանձնումը Փեթեր Հանտքէին, որ «ցեղապաշտ է, չի ճանչնար պոսնիական պատերազմին ժամանակ Սրեպրենիցայի ցեղասպանութիւնը եւ կ՛աջակցի զինուորական յանցագործներուն»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:

Փեթեր Հանտքէ 1996 թուականէն սկսեալ գրեթէ ամէն տարի կը մեկնի Սերպիա, Քոսովօ եւ Մեթոխիա, կը հաղորդակցի տեղւոյն բնակչութեան հետ եւ մարդասիրական գործեր կը կատարէ:

Մարտ 2004-ին ան աջակցութիւն յայտնած էր նախկին Եուկոսլավիոյ նախագահ Սլոպոտան Միլոշեւիչին, իսկ 2005 թուականին Լա Հէյի բանտին մէջ անոր այցելած էր:

Փորձագէտներու գնահատումով` յուլիս 1995-ին զօրավար Ռաթքօ Մլատիչի գլխաւորութեամբ Սրեպրենիցայի մէջ Պոսնիոյ սերպերու բանակի գործողութիւններուն պատճառով սպաննուած է շուրջ 8000 իսլամ: Միեւնոյն ժամանակ աւելի քան 30.000 կիներ եւ երեխաներ արտաքսուած են: Այդ քաղաքի պաշարումն ու բնակչութեան արական հատուածի գնդակահարումը դարձած է 1992-1995 թուականներուն Պոսնիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմի ամէնէն արիւնալի էջերէն մէկը:

Եուկոսլավիոյ հարցերով միջազգային դատարանն ու ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը այս դէպքերը որակած են ցեղասպանութիւն:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ` Ռուս-Ուքրանական «Օգտակար, Գործնական Ու Անկեղծ» Բանակցութիւններ Եւ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

«Թուրքիան Պիտի Չհրաժարի Ռուսական «Էս-400»-ներէն` Յանուն Ամերիկեան «Փաթրիոթ»-ներու» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.