Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Վերաբերեալ Անջատ Կայք Ստեղծած Են

Դեկտեմբեր 10, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ իշխանութիւնները ստեղծած են Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քարոզչութեամբ զբաղող կայք մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեմուրլար» կայքը: Ժխտողականութեան քարոզչութեան նուիրուած կայքը անգլերէն է եւ կը ներկայացնէ պարունակէն դուրս առնուած ու կեղծ տուեալներ:

Կայքի առաջին էջին վրայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերն են. «Այսօրուան աշխարհին մէջ պատմութենէն թշնամանք ստեղծելն ու նոր հակառակորդութիւններ յառաջացնելը ո՛չ ընդունելի է, ո՛չ ալ օգտակար միացեալ ապագայ ստեղծելու համար»:

Կայքին վրայ տեղադրուած են նիւթեր, որոնք նպատակ ունին ցոյց տալ, որ իբրեւ թէ հայերը ըմբոստացած են թուրքերուն դէմ, եւ անոնց արտաքսումը եղած է միակ տարբերակը:

Կայքին վրայ տեղ գտած են նաեւ Թուրքիոյ նախագահի` ցեղասպանութեան ընդունման դէմ արտայայտած միտքերն ու Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին ուղղուած նամակը:

Կայքին վրայ կայ նաեւ առանձին բաժին, որ կ՛անդրադառնայ 1970-1980-ականներուն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար հայկական կազմակերպութիւններու գործողութիւններուն եւ կը կրէ «Հայկական ահաբեկչութիւն» խորագիրը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Մէջ Ողողումներ` Առաջին Անձրեւներուն Պատճառով

Յաջորդը

Թուրքիա-Ազրպէյճան Բարեկամութեան Ընկերակցութիւնը Պահանջած Է Բողոքագիր Յղել Հայաստանին

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?