Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Իսրայէլեան օրէնքը պէտք է պարտադրել Յորդանանի հովիտին վրայ եւ օրինականացնել բոլոր բնակեցման վայրերը»: Ան նաեւ սպառնաց Կազայի մէջ «մեծ գործողութիւն մը» կատարել, եթէ հրթիռարձակումները չդադրին:
Նեթանիահու նշեց, որ այս հարցը արծարծուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ Լիզպոնի մէջ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, սակայն մանրամասն ծրագիր մը չէ ներկայացուած:
«Ինչպէս Կոլանի բարձունքներուն վրայ մեր գերիշխանութեան ամերիկեան ճանաչում մը ուզեցի, Յորդանանի հովիտին վրայ ալ մեր գերիշխանութեան ամերիկեան ճանաչում մը կ՛ուզեմ: Ժամանակն է Յորդանանի հովիտը առնելու իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:
Նեթանիահու իսրայէլեան աջակողմեան «Մաքոր Ռիշոն» օրաթերթին կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ աւելցուց. «Ամերիկեան վարչակազմեր ինծի բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի վերաբերեալ ըսին, թէ բնակեցման վայրերուն մէջ «ոչ իսկ քար մը պիտի քանդուի»: Դէմ դրի ճնշումներուն, ոչ ոք արմատախիլ ըրինք եւ բնակեցուածներուն թիւը բարձրացուցինք»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ Իսրայէլեան-ամերիկեան խորհուրդի ազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլ երբեւիցէ Սպիտակ տան մէջ ինձմէ լաւ ընկեր չէ ունեցած, որովհետեւ ես, ի տարբերութիւն նախորդներուս, կը պահեմ տուած խոստումներս»:
Ան յիշեցուց, որ ինք կեանքի կոչած է հրեաներու համար այնպիսի կարեւոր խոստումներ, որոնցմէ են Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան այնտեղ տեղափոխումն ու Կոլանի բարձունքներուն վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան ճանաչումը:
«Միացեալ Նահանգներու մէջ կան որոշ հրեաներ, որոնք բաւականաչափ չեն սիրեր Իսրայէլը», ուստի` իրենք պէտք է այնպէս ընեն, որ այդ մարդիկ սիրեն Իսրայէլը: