Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Կը Սերտէ Իրանի Սպառնալիքներուն Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ 7 Հազար Զինուոր Միջին Արեւելք Ուղարկելու Հարցը

December 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի զինուորական պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը կը սերտէ Ծոցի մէջ իրանեան սպառնալիքներու դիմակայման համար իր պաշտպանողական կարողականութիւնը ամրապնդելու համար յաւելեալ 4-7 հազար զինուորներ Միջին Արեւելք ուղարկելու հարցը:

Աղբիւրները կը նշեն, թէ յաւելեալ ուժերու ուղարկման նպատակը ցամաքային ուժէն, ծովուժէն եւ օդուժէն կազմուած ամերիկեան ուժերու ճամբով պաշտպանողական կարողականութիւնը ամրապնդելն է, մանաւանդ իրանեան կարճ հասողութեամբ հրթիռներու Իրաք փոխադրումէն ետք, ինչ որ սպառնալիք մըն է այդտեղ գտնուող ամերիկեան ուժերուն համար: Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ այդ հրթիռները թերեւս կրնան փոխադրուիլ սպառնալու համար Սէուտական Արաբիոյ:

Զինուորական աղբիւրները «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, որ ներկայիս քննարկումները կեդրոնացած են Իրանը զսպելու համար այդ յաւելեալ ուժերուն կարիք ունեցած կարողականութեան, զինուորական նոր սպառազինութիւնն ու ուժերը շրջան փոխադրելու պատշաճ ժամանակամիջոցի ճշդման վրայ, որմէ ետք է, որ զինուորներուն թիւը պիտի ճշդուի:

Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ այդ առնչութեամբ տակաւին որեւէ որոշում չէ տրուած, եւ յաւելեալ ուժերու տեղակայումը թերեւս կրնայ սկսիլ 3-էն 4 հազար զինուորի միջեւ տարուբերող աւելի քիչ թիւով մը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հերքեց լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուած այն տեղեկութիւնը, թէ Իրանի դիմակայման ջանքերուն ծիրին մէջ 12 հազար ամերիկացի զինուորներ պիտի ուղարկուին Սէուտական Արաբիա:

Ան յայտնեց, որ այդ լուրերը սուտ են:

 

Նախորդը

Աթէնքի Մէջ Լիպիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ Հետ Կնքուած Յուշագիրի Պատճառով Յայտարարուած Է Անբաղձալի Անձ

Յաջորդը

«Ժամանակն Է Յորդանանի Հովիտը Առնելու Իսրայէլի Գերիշխանութեան Տակ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

RelatedPosts

Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում  Պիտի Չշղթայազերծէ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը
Միջազգային

«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չշղթայազերծէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը

October 22, 2026
Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է  Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը
Միջազգային

Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.