Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Բանակցութիւններ Պիտի Կատարէ` Արցախի Նախագահի Թեկնածուին Գծով

September 6, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան ըսած է, թէ շուրջ մէկ ամիս պիտի տեւեն Արցախի նախագահի միասնական թեկնածու ունենալու միտող եւ 10 սեպտեմբերին սկսելիք Արցախի դաշնակցական կառոյցին պաշտօնական բանակցութիւնները` քաղաքական այլ ուժերու հետ: Ըստ անոր, եթէ միասնական թեկնածուի հարցին գծով համաձայնութեան չգոյանայ, Դաշնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի սեփական թեկնածուով, որ կրնայ դաշնակցական ըլլալ կամ չըլլալ:

Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ խօսքը համախոհական թեկնածուի մասին չէ. «Միասնականը այլ է` համաձայնեցուած թեկնածու, որ կրնայ  պզտիկ  ուժի մը ներկայացուցիչ ըլլալ, բայց աւելի համապատասխանել  ընտրուած չափանիշներուն, քան մեծ ուժի ներկայացուցիչը, այդ պատճառով ալ կը կիրարկեն «միասնական» բառը», նշեց ան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ ընդունելի թեկնածուի չափանիշները յստակ են եւ հաստատուած Արցախի Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ` արդար, հայրենասէր մարդ, որ խոր յարգանք եւ հեղինակութիւն ունի ժողովուրդին մօտ: Դաշնակցութիւնը նաեւ առաջարկած է, թէ ի՛նչ նիւթերով բանակցութիւններ պիտի կատարեն այլ կուսակցութիւններու հետ. առաջին դիրքի վրայ է անվտանգութիւնը, ապա` ներքին արդարութիւնը եւ անզիջում պայքարը փտածութեան, կաշառակերութեան դէմ: «Որովհետեւ եթէ շատ բարձր մակարդակի չըլլայ ներքին արդարութիւնը, ինքնըստինքեան, ատիկա վնաս պիտի հասցնէ նաեւ ազգային անվտանգութեան գործի կազմակերպման», ըսաւ Ա. Սարգսեան:

Եթէ քննարկումները արդիւնք չտան, Դաշնակցութիւնը նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ իր կազմէն: Արմէն Սարգսեան ըսաւ, որ ունին առնուազն 4 թեկնածուներ, բայց անունները ներկայիս չի նշուիր, քանի որ, ըստ անոր, նախագահի պաշտօնը Դաշնակցութիւնը չի դիտեր իբրեւ նպատակ եւ ռազմավարութիւն, իրենց համար ատիկա մարտավարութիւն է` նախագահը ի՛նք պէտք է մեծագոյն ծառայութիւնը մատուցէ ժողովուրդին:

«Նախագահը անոր համար չէ, որ մտնէ եւ արտօնութիւններէ օգտուի, անոր համար ալ կապ չունի, թէ մեզմէ ո՛վ պիտի ընտրուի նախագահ, միեւնոյն է` մենք խմբային ձեւով պիտի աշխատինք», նշեց Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:

 

Նախորդը

Վահրամ Բալայեան. «Անհամաձայնութիւնները Պէտք Է Քննարկել Փակ Դռներու Ետին»

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Ոչ Թէ Կ՛ուզէ Անձեր Հեռացնել, Այլ` Սկզբունքներ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

RelatedPosts

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.