Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 4, 2019
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը 100 Տարուան Հնութիւն Ունեցող Փաստաթուղթ Հրապարակեց` Ազրպէյճանցի Լրտեսի Բացայայտման Մասին

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ազրպէյճանցի լրտեսի մը բացայայտման 100-ամեայ վաղեմութիւն ունեցող փաստաթուղթ հրապարակեց «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ` «Ազրպէյճանական լրտեսի բացայայտում եւ վտարում Հայաստանէ» վերնագրով:

«1919-ի գարնան Ազրպէյճանէն Հայաստան կ՛ուղարկուի ազգայնամոլ, Խան Թեքինսկի անունով «դիւանագէտ» մը: Ա. Հանրապետութեան տարիներուն Պաքուն ջանք չէր խնայեր Հայաստանը ներսէն քայքայելու եւ պետականութեան հիմքերը խարխլելու համար:

«Երեւան հասնելուն առաջին իսկ օրէն անվտանգութեան մարմինները կը հետեւէին «դիւանագէտին»` գաղտնազերծելով եւ վերծանելով անոր ծածկագիր-հեռագիրներուն բովանդակութիւնը: Ակնյայտ էր, որ Թեքինսկին, օգտուելով դիւանագէտի անձեռնմխելիութենէն, փաստացի կը զբաղի լրտեսութեամբ` տեղեկութիւններ հաղորդելով շատ մը ոլորտներու մասին, այդ թիւին մաս կը կազմէին հայկական բանակի կառուցուածքին եւ զինուածութեան վերաբերող տեղեկութիւններ:

«Իր յուշերուն մէջ Սիմոն Վրացեան կը գրէ. «Հայաստանը ներսէն պայթեցնելու համար մեծ ճիգ կը թափէր մասնաւորապէս Ազրպէյճանը, որ 1919 թուականի մարտին դիւանագիտական ներկայացուցիչի պաշտօնով Երեւան ուղարկեց իր մոլեռանդ համաթրքապաշտ գործիչներէն մէկը` Խան Թեքինսկիին, պաշտօն տալով անոր` Հայաստանի մէջ մահմետական խռովութիւններ կազմակերպել», նշուած է գրառման մէջ:

Գրուած է նաեւ, որ Թեքինսկին ամէն ձեւով կը փորձէ խոչընդոտել Շարուրի ու Նախիջեւանի միացումը Հայաստանին եւ ծածկագիր հեռագիրներու միջոցով իր կառավարութիւնը իրազեկ կը դարձնէ հարաւային եւ այլ շրջաններու մէջ տիրող ռազմական-քաղաքական իրավիճակին մասին: Ան գաղտնի կապ կը հաստատէ տեղւոյն թաթարներուն հետ` զանոնք դրդելով եւ մղելով ապստամբութեան:

«Գաղտնի գրագրութիւններուն պատկառելի մէկ մասն ալ հայկական զինուած ուժերուն մասին էր: Հոն գրուած եւ ձեռք բերուած տեղեկութիւնները հայկական բանակի թուաքանակին, զօրատեսակներուն, զինուածութեան եւ այլ առանցքային հարցերու մասին էր: Հետեւելով լրտեսին եւ ուսումնասիրելով վերջինիս գործունէութիւնը` Հայաստանի կառավարութիւնը պահանջեց Ազրպէյճանէն ետ կանչել իր` այսպէս կոչուած «դիւանագէտ»-ը, նշուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գրառումին մէջ:

Արցախի Անկախութեան Տօնին Ընդառաջ «Զինուորի Կողքին» Հասարակական Կազմակերպութիւնը Այցելած Է Զօրամաս

«Զինուորի կողքին» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան միացեալ աջակցութեամբ զօրամասերէն մէկուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձին ընդառաջ կազմակերպուած է տօնական ձեռնարկ:

Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ  զրոյցի ընթացքին ըսած է «Զինուորի կողքին»  հասարակական կազմակերպութեան նախագահ   Սերգէյ Գրիգորեանը:

Հաղորդենք, որ ձեռնարկին ընթացքին հայրենասիրական  երգերով հանդէս եկած է «Մենք ենք մեր սարերը» ազգագրական  երգի-պարի  պետական համոյթը:

Ինչպէս նաեւ կազմակերպուած են  ազգագրական խաղեր, զինուորներուն ուսուցանուած  են   ռազմապարեր, որմէ ետք բացօթեայ ցուցադրուած է ժապաւէն:

Ըստ Ս. Գրիգորեանի, «Զինուորի կողքին» հասարակական կազմակերպութեան անդամները զօրամասի պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ այցելած են նաեւ մարտական դիրքեր եւ օրինակելի զինծառայողներուն   պարգեւատրած են նուէրներով:

«Մենք մշտապէս շեշտած եւ արժեւորած  ենք   զինուորներուն դերն ու նշանակութիւնը երկրի  խաղաղութեան եւ անկախութեան պահպանման գործին մէջ», նշած է «Զինուորի կողքին» հասարակական կազմակերպութեան նախագահը:

Անհետ Կորսուածներու Միջազգային Օր. Արցախի Մէջ Արձանագրուած Է 773 Անհետ Կորսուած

Օգոստոս 30-ը, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, յայտարարուած է Անհետ կորսուածներու միջազգային օր:

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, Արցախի մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած են 773 անհետ կորսուածներ, որոնցմէ 250-ը ազատամարտիկներ են, իսկ 523-ը` խաղաղ բնակիչներ:

Ամբողջ աշխարհին մէջ մարդիկ անհետ կը կորսուին հակամարտութեան, բռնութեան, աղէտներու իբրեւ հետեւանք, ինչպէս նաեւ` գաղթի ընթացքին:

«Ամէն անհետ կորածի սպասող ընտանիք կայ: Անհետ կորածներու ընտանիքներէն շատերը իրենց առօրեայ կեանքին մէջ բախումներ կ՛ունենան, ըլլան անոնք տնտեսական, ընկերային, իրաւական եւ կամ այլ բնոյթի հարցեր: Անոնք նաեւ հանրութեան կողմէ ուշադրութեան կարիքը ունին: Անոնց համար առաջնայինը կը մնայ զիրենք յուզող հարցերուն պատասխաններ գտնելը եւ անհետ կորած հարազատներուն մասին խօսիլը` թոյլ չտալով անոնց ամբողջութեամբ անհետանալու անորոշութեան եւ լռութեան մէջ», գրուած է «Արցախփրէս»-ի մէջ:

1990-ական թուականներուն ղարաբաղեան տագնապին իբրեւ հետեւանք անհետ կորսուած հարազատներ ունեցողներէն շատերուն մտահոգութիւնը եղած է նաեւ այն, որ չունին իրենց հարազատներուն յիշատակման վայր: Երկար տարիներ ետք անոնք վերջապէս գտած են տեղ մը, ուր կրնան յիշել ու յարգել անոնց յիշատակը:

Նշենք, որ, արդարեւ, 16 մարտ 2018-ին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Լեռնային Ղարաբաղի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Մարտակերտի մէջ արցախեան պատերազմի ժամանակ անհետ կորսուածներու յիշատակին կառուցուեցաւ յուշարձան եւ պուրակ:

Հայաստան, Կիպրոս Եւ Յունաստան Կը Սերտացնեն Սփիւռքի Հարցերուն Վերաբերող Համագործակցութիւնը

Օգոստոս 28-ին սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Կիպրոս կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի նախագահի արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերու յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիսին հետ:

Ողջունելով Զարեհ Սինանեանին Կիպրոս այցելութիւնը` Ֆոթիս կարեւոր նկատեց արդէն ձեւաւորուած երկկողմանի յարաբերութիւնները, անդրադարձաւ երկու պետութիւններու սփիւռքներուն միջեւ համագործակցութեան խորացման ուղղուած ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութեան եւ յոյս յայտնեց, որ սփիւռք-սփիւռք կապերու խորացումը պիտի ըլլայ նաեւ մեր երկիրներու կառավարութիւններու օրակարգին վրայ: Կիպրացի պաշտօնեան առանձնակի ոգեւորութեամբ խօսեցաւ Կիպրոսի մէջ հայ համայնքի կազմակերպուածութեան, համարկման բարձր աստիճանին, միեւնոյն ժամանակ ինքնութեան եւ արմատներուն կառչած մնալուն մասին:

Ֆոթիու Ֆոթիս հաստատեց, որ Կիպրոսը ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի հայ համայնքը ճանչնայ իր պատմութիւնն ու պահպանէ ինքնութիւնը, այդ նպատակով ալ կառավարութիւնը կ՛աջակցի հայկական կազմակերպութիւններուն, դպրոցներուն եւ եկեղեցւոյ. ան բարձր գնահատեց նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին գործունէութիւնը: Յանձնակատարը նշեց նաեւ, որ կը քննարկուի Կիպրոսի մէջ Հայաստանի թանգարան կառուցելու նախագիծը, որուն ֆինանսաւորումը կ՛ակնկալուի Եւրոպական Միութենէն: «Այս թանգարանը կարեւոր պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ Հայաստանի եւ իւրաքանչիւր մարդու համար, որ Կիպրոս կ՛այցելէ», յայտնեց Ֆոթիս:

Զարեհ Սինանեան ողջունեց թանգարանի կառուցման գաղափարը եւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Կիպրոսի պատմական ընդհանրութիւնները էապէս կը նպաստեն երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան խորացման, եւ սփիւռքի գծով միացեալ աշխատանքները նոր թափ պիտի ստանան:

«Կիպրոս պետութեան` հայ համայնքին ցուցաբերուող վերաբերմունքը բացառիկ եւ փայլուն օրինակ է, եւ այս մէկը կը խօսի Կիպրոսի բարձր արժեհամակարգի մասին», նշեց Զարեհ Սինանեան: Կողմերը անդրադարձան միացեալ փոխըմբռնման յուշագիրի ընդլայնման, նոր գաղափարներու մշակման, երկու սփիւռքներու երիտասարդական ներուժի համախմբման, երիտասարդական հաւաքներու կազմակերպման, փորձառութեան փոխանակման, աշխուժ փոխայցելութիւններու, ինչպէս նաեւ այս համագործակցութեան միջոցով երկու երկիրներու տնտեսական, մշակութային եւ գործարար կապերու սերտացման առնչուող հարցերու մասին:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ եռակողմանի ձեւաչափով, կողմերուն միացաւ նաեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի` յունական սփիւռքի հարցերով տեղակալ Անթոնիս Տիամաթրիսը:

Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմանի ձեւաչափով սփիւռքի հարցերու շուրջ համագործակցութեան ծիրին մէջ քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս` երեք երկիրներու սփիւռքներու կազմակերպուած կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ համայնքներու միջեւ համագործակցութեան խրախուսումը, երիտասարդական ցանցերու ստեղծումը եւ հաւաքներու կազմակերպումը, մասնագիտական հարթակներու մշակումը, յայտնի մասնագէտներու միջեւ կապերու հաստատումը, սփիւռք-սփիւռք համագործակցութեան միջոցով նաեւ երեք պետութիւններու տնտեսական, զբօսաշրջային, ներդրումային կապերու ամրապնդումը, միացեալ օրակարգերու մշակումը եւ տարբեր համայնքներու մէջ միասնական նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը:

Արցախի Մանուկները Առիթ Կ՛ունենան Ծանօթանալու Հայկական Միջնադարեան Մանրանկարչութեան Արուեստին

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան  ընդունած է «Մշակութային հայապահպանութեան կեդրոն» հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ, բանաստեղծ-դաշնակահար Կամիլա Երկանեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մշակոյթի եւ կրթութեան հարցերու առնչուող հիմնահարցեր:

Կամիլա Երկանեանը ներկայացուցած է հիմնադրամին կողմէ սկսող հայապահպանական ծրագիրները, որոնց հիմքը Արցախ-Հայաստան-սփիւռք անխախտ բանաձեւն է:

Կամիլա Երկանեանը շեշտած է Արցախի մշակութային ճանաչման հիմնահարցը` իբրեւ հիմնադրամի գործունէութեան առանցքային ուղղութիւնը, եւ այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ ներկայացուցած է:

Հաղորդենք, որ հանդիպման ընթացքին Կամիլա Երկանեանը եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը քննարկեցին նաեւ կեդրոնի հայապահպանական ծրագիրները հայկական սփիւռքի մէջ տարածելու հիմնահարցերը, որոնք կը միտին այս համազգային ծրագրի շրջանակներուն մէջ ներգրաւել նաեւ հայ դպրոցն ու հայ ուսուցիչը եւս:

Օգոստոս 28-ին Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ կայացան «Մշակութային հայապահպանութեան կեդրոն» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած «Հայոց այբուբենի սահմանը» գրական ձեռնարկը եւ «Սիրոյ այբուբեն» մանրանկարչական ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան առաջին դասարան յաճախող մանուկներուն «Մշակութային հայապահպանութեան կեդրոն»-ին կողմէ նուիրուած է «Իմ այբուբենը» մանրանկարչական գունաւորման ժողովածուն: Այսպիսով, Արցախի մանուկները առիթը ունեցան ծանօթանալու հայկական միջնադարեան մանրանկարչութեան արուեստին:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Եւ «Ֆուլեր Տնաշինական Կեդրոն»-ը Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Օժանդակեն, Որ Աւարտին Մուրատեաններու Տան Շինարարական Աշխատանքները

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ը կը շարունակեն միասին իրագործել բնակարանաշինութեան ծրագիրը` միաժամանակ շեշտելով կամաւորական աշխատանքներուն մասնակցութիւնը: Այս անգամ գործընկեր կազմակերպութիւններու ղեկավարներն ու աշխատակիցները այցելած են Կոտայքի մարզի Մայակովսկի համայնքին մէջ բնակող Մուրատեաններու ընտանիքին:

Աւելի քան տասը տարի ընտանիքը ստիպուած եղած է տունէ տուն տեղափոխուելու: Տարիներ շարունակ ապրելով վարձակալած տան մէջ, բայց եւ այնպէս սեփականն ունենալու յոյսը չէր մարած անոնց մէջ: 13 տարի առաջ Մուրատեանները սկսած էին իրենց տան շինարարութեան, սակայն կրցած էին կառուցել միայն պատերը: Ֆինանսական հարցերու պատճառով տուն ունենալու երազանքը յայտնուած էր յետին ծրագրի մէջ, իսկ շինարարական աշխատանքները մնացած էին կիսաւարտ: Տարիներու սպասումէ ետք, մինչեւ տարեվերջ, վերջապէս ընտանիքը պիտի ունենայ յարմարաւէտ եւ արժանապատիւ տուն:

«Ես տակաւին պատանի էի, երբ սկսանք տան շինարարութեան: Այժմ ես ալ որդի ունիմ` 2 տարեկան: Փափաքս միայն այն է, որ զաւակս մեծնայ աւելի լաւ պայմաններու մէջ` իր սեփական տանը», ըսած է Պետրոսը:

Ընթացիկ տարուան մէջ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ աջակցութիւն ստացած է 43 ընտանիք:

«Մուրատեանները վերջապէս կ՛ունենան իրենց երկար փափաքած սեփական օճախը հայրենի հողին վրայ, կ՛ազատին վարձքով ապրելու` տարիներու ֆինանսական եւ հոգեբանական ծանրագոյն բեռէն: Ընտանիքին համար եւ յատկապէս մանուկի համար չափազանց կարեւոր է ապահով անկիւն ունենալու զգացողութիւնը: Մշտական կարիքը, անընդհատ տեղափոխութիւնները կը խանգարեն, որ մանուկը ինքնաբաւ եւ ուժեղ դառնայ, ոտքերու վրայ ամուր կանգնի: Մենք պէտք է օգնենք այս մանուկին, այս ընտանիքին` մայր հողի վրայ ամուր կանգնելու հարցին մէջ: Աջակցութիւնը չի սահմանափակուիր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կողմէ ծրագրին ուղղուած ֆինանսական միջոցներու յատկացումով: Մենք այստեղ ենք իբրեւ կամաւորներ, որպէսզի մեր անձնական ջանքերով օգնենք մեր հայրենակից Մուրատեաններուն` իրենց երազանքը իրականացնելու հարցին մէջ: Երեխայի` ուրախութենէն փայլող աչքերը տեսնելը մեծ պարգեւ է», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

«Սեփական, արժանավայել պայմաններով ապահովուած տունը պէտք է ո՛չ թէ հեռաւոր երազանք ըլլայ ընտանիքի մը համար, այլ` ամէնօրեայ իրականութիւն: Արդէն բազում տարիներ մենք «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ օգնութիւն կը ցուցաբերենք ընտանիքներու, որոնք զրկուած եղած են տուն ունենալու բերկրանքէն: Ուրախ եմ յայտնելու, որ մինչեւ տարեվերջ Մուրատեանները պիտի աւարտեն շինարարական աշխատանքները եւ պիտի ունենան իրենց յարմարաւէտ տունը, իսկ սեփական տուն ունենալը մարդիկը կը կապէ հայրենիքին` արթնցնելով ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւնը», ըսած է  Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոնի» նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:

Տեղեկացնենք, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ միայն Կոտայքի մարզին մէջ կառուցուած եւ վերանորոգուած է 13 տուն:

Արցախի Մէջ Առաջին Դասարան Յաճախեց 2385 Աշակերտ

Արցախի մէջ 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին առաջին դասարան սկսան յաճախելու 2385 աշակերտ: Այս մասին յայտնած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Էրիկ Գրիգորեանը:

Անոր համաձայն, նախարարութեան կողմէ առաջին դասարան յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտի պիտի տրամադրուի 20 հազար դրամ:

2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին Արցախի Հանրապետութեան 217 դպրոցներու մէջ հնչած է «Առաջին զանգ»-ի արարողութիւն:

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Քրմապետ Մը` Իմաստասիրութեան Մեհեանին Մէջ (Յիշելով Անմահանուն Դաստիարակ Շահան Ռ. Պէրպէրեանը)

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?